50 Տարի Առաջ (19 Սեպտեմբեր 1964)

Խմբագրական

49 Տարի Ետք…

(Սուէտիոյ Ապստամբութեան Առթիւ)

Սուէտիոյ արծուեբոյնը դէպի ազատութեան հորիզոն բացուող ճանապարհի առաջին հանգրուաններէն մէկն է, որուն վրայ բարձրացաւ հայուն արժանապատուութեան դրօշը:

Ժամանակակից մեր պատմութիւնը սուգ ու աւեր միայն կտակած պիտի ըլլար յետնորդ սերունդներուն, եթէ նաեւ սրբազան ըմբոստութեանց, հերոսամարտերու եւ ազատութեան խոյանքներու շղթայով փառք եւ պատիւ փոխանցած չըլլար ապրողներուն:

Մուսա Լեռ, Ուրֆա, Հաճըն, Շապին Գարահիսար եւ Սասուն, ինչպէս նաեւ` բոլոր մեծ ու փոքր խոյանքները մեր ժողովուրդին, անթեղուած ոգիի մը հրդեհումը կը յատկանշեն, եւ կը մնան սրբազան կոթողումներ ազատութեան ճամբուն վրայ:

Թուրքիոյ բոլոր ծագերուն վրայ արիւնազանգ նախճիր մը կը հիւսուէր, եւ հայկական բազմութիւններ մինչեւ Տէր Զօր եւ Եփրատ կը քշուէին մահուան ճամբաներէն, երբ բուռ մը հայեր, ըմբոստութեան դրօշ պարզելով դահիճին դէմ, իրենց արժանապատուութեամբ ապրելու վճռակամութիւնը կ՛աղաղակէին թուրքին թէ քաղաքակիրթ աշխարհին:

Անկախաբար այդ հերոսամարտերու արդիւնքէն, զանոնք պատմական դրուագներու վերածող ոգեկան բովանդակութիւնն է, որ կը շահագրգռէ մեզ: Առանց Մուսա Լերան ապստամբութեան եւ միւս խիզախումներուն պարտաւոր պիտի ըլլայինք եզրակացնելու այսօր, թէ հայ ժողովուրդը, հակառակ ԺԹ. դարուն եւ յաջորդող շրջաններու ընդհանրականօրէն յեղափոխաշունչ եւ ազատագրական ձգտումներուն, անհաղորդ մնացած էր ժամանակի պահանջներուն, ստրկամտօրէն եւ նահանջականօրէն ենթարկուելով բռնի եւ բիրտ ուժերու տիրապետութեան:

Եւ ի՞նչ կայ աւելի ողբալի, աւելի տրտում եւ ցաւագին, քան` նոր սերունդներուն փոխանցել մի՛միայն նահատակներ ու զոհեր, միայն աւեր եւ անփառունակ պատմութիւն:

Այսօր, պատմական հերոսամարտերէ քառասունինը տարի ետք, աւելի քան երբեք յստակ է հայոց պատմութեան համար, որ չէր կրնար բացուիլ Հայաստանի անկախութեան ճանապարհը, եթէ հիւսիսային, արեւելեան եւ հարաւային նահանգներու մեր հերոսական մարտնչումներու եւ ճակատագրական գոյամարտերու յանձնառու եղած չըլլար մեր ժողովուրդը, եւ յեղափոխութեան ոգին ընդմիշտ ցամքած ըլլար մեր սերունդներու հոգիին մէջ:

Տարերային թափով մը պոռթկուն այդ խիզախումը, ինչպէս` մեր միւս բոլոր հերոսամարտերու գոյամարտերը, տրամաբանական եւ դատողական հաշիւներու չեն տոկար անշուշտ:

Սուէտիան կամուրջ մըն է մեր անցեալին, մեր դարաւոր ըմբռնումներուն եւ մեր ապագային միջեւ: Անկիւնադարձ մը` հերոսական ոգորումներէն ետք ստեղծուած ստրկութեան դարերու եւ ԺԹ. դարէն ետք վերարծարծ յեղափոխաշունչ, ազատագրապաշտ խոյանքներու շրջանի մը միջեւ:

Այսօր, երբ հանդիսաւորապէս կը տօնենք տարեդարձը սրբազան այդ ըմբոստութեան, կ՛ուզենք, որ ամէն երիտասարդ ու պատանի իրեն համար ներշնչումի աղբիւր մը փնտռէ փառապանծ այդ դրուագին մէջ:

Տատասկներու եւ փուշերու մէջ կորսուած, հարթ ու աննշան հողաթումբեր չեն Սուէտիոյ ապստամբութեան հերոսներուն գերեզմանները Մեռեալերու բո՛ւն տեղը մեր պատմութեան, հոգիին եւ եռօրեայ ապրումներուն մէջ է, իբրեւ մշտական պատգամ` դէպի նոր կեանք եւ ազատութին:

Այս գիտակցութեամբ կը խոնարհինք Սուէտիոյ անմահ հերոսներու անմոռանալի յիշատակին առջեւ:

Ուխտելով տէր կանգնիլ անոնց սրբազան կտակին եւ այն ոգիին, որ զիրենք մղեց արհամարհելու մահը` յանուն արժանապատուութեան եւ ազատութեան:

 

Տոմսեր

Անջրպետի Ձայներ Մեր Աշխարհէն

Մի քանի օր առաջ հրատարակեցինք անգլիական «Ռոյթըրզ» տեղեկատու գործակալութեան մէկ հեռագիրը, որուն համաձայն, Խորհրդային Հայաստանի Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ հայ գիտնականներ ամիսներէ ի վեր ականջ կը դնեն կարգ մը խորհրդաւոր ձայներու, որոնք տարբեր աշխարհներէ կու գան, անջրպետէն, տիեզերքէն:

– Այս ձայներուն իմաստը,- կը շարունակէր հեռագիրը,- յայտնի չէ, ու աւելի կատարելագործուած գործիքներու պէտք ունին գիտնականները ճշդելու համար թէ ուրկէ՛ կու գան անոնք եւ ի՛նչ կը խնդրեն:

Ամերիկացի գիտնականներ եւս նման հետաքրքրութիւններ ունին տիեզերքէն հասնող, սակայն չհասկցուած ձայներու շուրջ:

Ցարդ ունէինք «չհասկցուած» մարդոց եւ մանաւանդ` «չհասկցուած» կիներու ձայներ, չհասկցուած ժողովուրդներ, դատեր, հարցեր, յօդուածներ, բանաստեղծութիւններ, նոյնիսկ` չհասկցուած աշխարհը ամբողջ, որոնց վրայ կ՛աւելնան ահաւասիկ տիեզերքէն եկած չհասկցուած ձայներ: Ալ ի՛նչ հասկցանք այս աշխարհէն, ո՞վ գիտէ…

Խորհրդային վարչապետը` Խրուշչեւ եւս հետաքրքրուած է այս ձայներով, ինչպէս կը հաւաստէ վերջերս Խորհրդային աշխարհ այցելած «հայրենասէր» մը, որ կը պնդէ, թէ ան այցելած է նոյնիսկ Բիւրական եւ հայ գիտնականներուն հարցուցած.

– Սա տիեզերքէն եկած ու չհասկցուած ձայները հեղ մը ես ալ լսէի, թերեւս կարելի է լենինեան մեթոտով ըմբռնել:

Հայ գիտնականները թուղթ մը կ՛երկարեն Խրուշչեւին` իբրեւ «Վերջին լուր» տիեզերքէն, եւ Խորհրդային վարչապետը, կարդալէ ետք կը բացագանչէ.

Բայց ասիկա… Ղարաբաղի հայերուն բողոքագիրն է Ազրպէյճանի դէմ: Անջրպետէ՞ն ալ սկսաւ գալ հիմա… Իրաւունք ունիք, ասանկ ձայներ հարկաւ չեն հասկցուիր: Քանդեցէ՛ք սա տիեզերքը,- կը գոռայ Խրուշչեւ:

Պատմողը մենք չենք…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

 

Share this Article
CATEGORIES