Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Սիրոյ պատմութիւնները առաջին կարգը կը գրաւեն. ժամանակը յարմար է հետեւելու օրուան պահանջին:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ գաղտնապահ չէք եւ կը սիրէք յայտարարել ուրիշներու իրականութիւնները:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ստեղծագործական ներշնչումներ պիտի ունենաք, ընդլայնեցէք եւ զարգացուցէք ձեր երեւակայութիւնը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր տնօրէնը չ՛անդրադառնար ձեր լաւ աշխատանքին: Կրնաք ճշմարտութիւնը ըսել եւ հասկցուիլ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր բնական վիճակին մնացէք, եթէ ոմանք ձեզմէ հեռու կը մնան, ուրիշներ ալ աւելի մտերմութիւն պիտի հաստատեն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այս օրերուն անտրամադիր վիճակի մէջ էք, սակայն ոչինչ, պիտի կարենաք դասաւորել ձեր գործերը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մօտեցէք բարեկամներու որոնք յաճախ խրախճանքի մէջ են, ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ այս ձեւով:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատանքին մէջ ամէն բան ձեր ուզածին պէս չ՛ընթանար հանդարտ մնացէք, վաղը ուրիշ օր մըն է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հեռուներու կանչը ձեզ պիտի քաջալերէ ճամբորդելու հեռաւոր եւ չնաշխարհիկ վայրեր:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր պարտամուրհակները վճարելու դիւրութիւն պիտի ունենաք որմէ ետք ձեր հանգիստը պիտի գտնէք: Նման հարցերով մի՛ մտահոգուիք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ձայնը բարձրացնելով` չէք կրնար շահիլ փաստարկում մը, ընդհակառա՛կը, կը կորսնցնէք. լուռ մնալը խոհեմութիւն է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր քունի ժամանակը մի՛ անցընէք, արթուն մնալով` ձեր հանգիստը պիտի խանգարէք եւ պիտի վնասէք:

 

Share this Article
CATEGORIES