Մուշի Մէջ Հիմնուած Է Հայերու «Տարօն» Միութիւնը

Mush_DaronԸստ թրքական «Հապերլեր» կայքէջին, Մուշի մէջ վերջերս հիմնուած է հայերու համերաշխութեան, ընկերային եւ զբօսաշրջութեան «Տարօն» միութիւնը:

Միութեան հիմնադրման հանդիսութեան ներկայ եղած է Ֆրանսայէն ժամանած Օփսեթ Բաթփինեանը, որուն հայրն ու մեծ հայրը Մուշի Վարդոյի շրջանին կից Չայչաթը գիւղէն են:

Միութեան անդամներէն Արմէն Գալստեանը յայտնած է, որ միութեան նպատակը երկու ժողովուրդներու համերաշխութեան նպաստելն է:

Նոյն հանդիսութեան ներկայ եղած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան` Մուշի մասնաճիւղի նախագահ Իսմայիլ Ատանուրը:

Share this Article
CATEGORIES