Թուրքիա «Հայ» Բառը Տգեղ Մեղադրանք Կը Համարէ
«ԷՐՄԷՆԻ ՀԱՊԵՐ»
Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդը արդարացուցած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հակահայ յայտարարութիւնը` «հայ» բառի օգտագործումը «տգեղ մեղադրանք» համարելով:
Թրքական «Կազեթեփորթ» լրատուական կայքին համաձայն, Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդը քննած է նախընտրական շրջանին թրքական պատկերասփիւռի կայանէ մը հնչած Էրտողանի այն խօսքը, թէ` ինք շատ վիրաւորուած է, որովհետեւ զինք հայ անուանած են. խորհուրդը հասած է այն եզրակացութեան, որ այդ խօսքը խտրականութիւն չի սերմաներ եւ հայերը չի նուաստացնէր` արդարացնելով «հայ» կոչուիլը «տգեղ մեղադրանք» նկատող Էրտողանի խօսքը:
CATEGORIES Հայ Դատ

