ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներու Կանխարգիլման Ենթայանձնախումբը Խոչընդոտներու Հանդիպելէ Ետք Դադրեցուցած Է Ազրպէյճան Այցելութիւնը
ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց կառոյցի կայքը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներու կանխարգիլման ենթայանձնախումբը Խոշտանգումներու եւ այլ դաժանութիւններու դէմ ուխտի լրացուցիչ արձանագրութեան համապատասխան իր լիազօրութիւնները կատարելու ընթացքին խոչընդոտներու հանդիպելով` որոշած է կասեցնել այցելութիւնը: Նշենք, որ Ազրպէյճան միացած է այդ ուխտին:
Պատուիրակութիւնը կասեցուցած է այցելութիւնը շարք մը վայրեր, ուր մարդիկ ձերբակալուած են, որովհետեւ կը խոչընդոտեն անոնց աշխատանքը, հակառակ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հաւաստիացումներուն` ապահովելու հասանելիութիւնը արգելափակման որեւէ վայր:
Ազրպէյճանի պարտաւորութիւններու շարք մը լուրջ խախտումներուն իբրեւ արդիւնք պատուիրակութիւնը եզրակացուցած է, որ այցելութեան ամբողջականութիւնը, որ նախատեսուած էր իրականացնել 8-17 սեպտեմբերին, աղաւաղուած է այն աստիճան, որ պէտք է դադրեցուի:
Պատուիրակութեան անդամները աշխատանքը դադրեցուցած են 14 սեպտեմբերին, սակայն որոշ անդամներ մնացած են Ազրպէյճանի մէջ` հետագայ երկխօսութիւն կատարելու համար իշխանութիւններուն հետ:

