ՏԱՀԵՇ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Քրտական 16 Գիւղեր Գրաւած Է

0918_ISISՔիւրտ մարտական պատասխանատու մը յայտարարեց, որ Սուրիոյ քիւրտերը շրջանին մէջ քրտական կուսակցութիւններէն օգնութիւն խնդրած են` ետ մղելու համար հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի յառաջխաղացքը:

Քիւրտ մարտական այլ պատասխանատու մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ հիւսիսային Իրաքի մէջ 16 քրտական գիւղեր գրաւած է, իսկ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ Հալէպի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Այն Արապ քաղաքի գիւղական շրջաններուն մէջ 21 գիւղեր գրաւած է:

Քրտական պաշտպանութեան ուժերու բանբեր Փոլատ Ճան յայտարարեց, որ թրքական իշխանութիւնները հիւսիսային Սուրիոյ Թել Ապիատ շրջանին մէջ զինած են ՏԱՀԵՇ-ը: Ճան նշեց, որ ՏԱՀԵՇ ռազմավարական Թել Ապիատ գիւղական շրջանին մէջ քաղաքայիններ ձերբակալած է եւ կ՛ուղղուի շրջանին տիրելու:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւուած գիւղերու հազարաւոր բնակիչներ դէպի Թուրքիա գաղթած են:

Ներկայացուցիչներու Տունը Հաւանութիւն Տուած Է
Սուրիական Ընդդիմութիւնը Զինելու Օրինագիծին

Vz.ru կը հաղորդէ, որ Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի առաջարկած նախագիծը, ըստ որուն, կը նախատեսուի սպառազինութիւն տրամադրել Սուրիոյ չափաւորական ընդդիմութեան:

Ուաշինկթըն յոյսով է, որ այդ քայլը պիտի օգնէ պայքարելու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ: Այժմ օրինագիծը պէտք է արժանանայ ծերակոյտի հաւանութեան, ապա ստորագրուի նախագահին կողմէ:

Օպամա նախապէս առաջարկած էր Միացեալ Նահանգներու կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ռազմավարութիւն մը, ըստ որուն, ամերիկեան օդուժը հարուածներ պիտի հասցնէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն, իսկ ցամաքի վրայ յարձակում պիտի գործեն իրաքեան բանակն ու Սուրիոյ չափաւորական ընդդիմութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ յայտարարած է, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները «կորսնցուցած են իրենց օրինականութիւնը», այդ իսկ պատճառով Ուաշինկթըն չի պատրաստուիր ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն օդային հարուածներ հասցնելու համար արտօնութիւն խնդրել Սուրիայէն:

Սուրիոյ խորհրդարանը իր կարգին առաջարկած է հանդիպում կազմակերպել ամերիկացիներու հետ եւ բանակցիլ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համագործակցութեան շուրջ:

 

Share this Article
CATEGORIES