Սկովտիոյ Մէջ Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէին Արդիւնքները` Այսօր

0918_ScotlandՍկովտիոյ միլիոնաւոր բնակիչներ երէկ ուղղուեցան քուէատուփեր` հանրաքուէի. «Սկովտիան պէ՞տք է անկախ երկիր ըլլայ» հարցումին «Այո» կամ «Ոչ» պատասխանելու համար:

5579 քուէարկութեան կեդրոններու մէջ քուէարկութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ Պէյրութի ժամանակով կէս գիշեր: Կը նախատեսուի, որ արդիւնքներուն հրապարակումը տեղի ունենայ այսօր:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ Սպիտակ տան էջին վրայ գրեց. «Բրիտանիան Միացեալ Նահանգներու բացառիկ գործընկերն է եւ բարութեան ուժ փոփոխական աշխարհին մէջ: Յոյսով եմ, որ անիկա կը մնայ ուժեղ, յուսալի եւ միասնական»:

Share this Article
CATEGORIES