Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցեր:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յանձնախումբը հրաւիրեց նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի լիբանանեան բանակը զինելու յատուկ օրինագիծը:
ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ուժեր Նապաթիէի մէջ ձերբակալեցին սուրիացի մը, որուն մօտ գնդացիրներ կային: Ձերբակալեալը փոխանցուեցաւ համապատասխան դատական ատեան:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ պետական անվտանգութեան ուժերը ձերբակալած են կեղծուած դրամ տպելու գործով մասնագիտացած աւազակախումբ մը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ ինք համաձայն է խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկու տարի եւ եօթը ամիս երկարաձգելու կարելիութեան` վերահաստատելով, որ ինք Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը կարելի չի տեսներ:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ բնակիչներ Շատի Մաուլաուի եւ Ուսամա Մանսուր ուղղակի կապեր ունին ՏԱՀԵՇ-ի հետ: Իսկ ապահովական կառոյցներու կողմէ սպրդած տեղեկութիւններու համաձայն, մտահոգութիւններ կան, որ վեց ամիս ետք ՏԱՀԵՇ եւ Նուսրա կրնան Թրիփոլի հասնիլ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ նախագահական ընտրութեան ատակ թեկնածուն ցարդ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ շեշտեց, որ Լիբանանը առանց հանրապետութեան նախագահի չի կրնար միջազգային ընտանիքին հետ յարաբերիլ, հետեւաբար ան կարեւոր նկատեց հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ մեծ պետութիւններու դեսպանները ընդգծած են նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը նուազ քան մէկ տարի պիտի չըլլայ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Տէր Զօրի մէջ կատարած է ապահովական բարդ գործողութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ թիրախ դարձուցած է ՏԱՀԵՇ-ը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ օրերուն ընթացքին լիբանանցի ղեկավարներուն միջեւ պիտի կայանան հանդիպումներ, որոնց ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուի խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման կարելիութիւնը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ Պքերքէի հետ իրենց յարաբերութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են` ընդգծելով, որ իրենց միջեւ գժտութիւն չկայ:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժեր «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալը զիրենք կը մղէ որոնելու Թաէֆի համաձայնագիրին նմանող համաձայնութիւն մը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կատարած այցելութիւնը` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով ոչինչ կը փոխէ:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերը հաստատեցին, որ նախագահական ընտրութեան մասին ոչ մէկ քննարկում կը կատարուի այս հանգրուանին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ հաստատեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի առած քայլերը ապարդիւն դուրս պիտի գան:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն մեծ մասը ընտրական լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առումով գաղտնի համաձայնութիւն մը չէ ստորագրուած, այլ` քաղաքական կեցուածք ճշդուած է:
ՊԱԱԼՊԵՔ-ՀԵՐՄԵԼԻ մէջ տեղի ունեցած է իսլամ-քրիստոնեայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ընդգծուած է պետութեան եւ պետական հաստատութիւններուն շուրջ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով ամէնէն կարեւոր դերակատարութիւնը Սէուտական Արաբիան կրնայ ունենալ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան նկատմամբ դաշնակից բոլոր ուժերուն զօրակցութիւնը տակաւին առկայ է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ զօրակցութիւն յայտնեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախաձեռնութեան, որուն հիման վրայ անհրաժեշտ է երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ նախագահական ընտրութիւն կատարել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առումով ոչ մէկ համաձայնութիւն գոյացած է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաամէ Թոհմէ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ լիբանանեան քաղաքական ղեկավարներուն կատարած այցելութիւններուն նպատակն է Լիբանանը ամրապնդել:

