ԱԹԼԵԹԻԶՄ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ ԵՒ ԹԱՊԱՔԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՆ ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ԻՍԿ ԹԱՇՃԵԱՆ` ԵՐԿՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ
Երէկ` կիրակի, 17 յուլիսին, Ժամհուրի դաշտին վրայ աւարտեցան Լիբանանի աթլեթիզմի անհատական ախոյեանութեան մրցումները, որոնք տեղի ունեցան երեք օրերու վրայ (ուրբաթ, շաբաթ եւ կիրակի):
Նախորդ շաբաթ Ասիոյ աթլեթիզմի ախոյեանութեան մրցումներուն արծաթ մետալի տիրացած Կրեթթա Թասլաքեան այս ախոյեանութեան տիրացաւ երկու առաջնութիւններու: 100 մեթր վազքի մրցումներուն, ան արձանագրեց 12 երկվայրկեան արդիւնք մը, իսկ 200 մեթր վազքին մէջ ան արձանագրեց 24″ 79 արդիւնք մը:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը, պահը յարմար նկատելով հազար ամերիկեան տոլարով պարգեւատրեց Թասլաքեանը` անոր ասիական իրագործումին համար:
Առաջնութեան տիրացաւ նաեւ Ինթըր Լեպանոն ակումբին մաս կազմող այլ մարզիկ մը` Ալիք Թապաքեան, որ բարձրութիւն ցատկելու մէջ արձանագրեց 1,55 մեթր արդիւնք մը:
Աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումներուն Լորի Թաշճեան (Շանվիլ) տիրացաւ արծաթ մետալին` արձանագրելով 1′ 02″ 74 արդիւնք մը:
Իսկ 200 մեթր վազքին մէջ Լորի Թաշճեան հանդիսացաւ երրորդ` արձանագրելով 27″ 16 արդիւնք մը:
Եթէ մէկ կողմէն շնորհաւորելի են վերոնշեալ հայ երեք մարզիկներուն արձանագրած արդիւնքները, միւս կողմէ փափաքելի է նաեւ, որ մետալներու տիրացած հայ մարզիկներուն շարքը ապագային ըլլայ աւելի երկար:
Անհատական այս ախոյեանութեան աւարտին այժմ մետալներուն դասաւորումը կը պարզէ հետեւեալ պատկերը.
—————————–ՈՍԿԻ —-ԱՐԾԱԹ ՊՐՈՆԶ ԳՈՒՄԱՐ
1.- Ինթըր Լեպանոն 16 7 7 30
2.- Լիբանանեան Բանակ 8 14 12 34
3.- Անսար 5 3 3 11
4.- Շանվիլ 2 4 4 10
5.- Պլու Սթարզ 1 0 0 1
6.- Միրիամիին 0 1 0 1
7.- Ժամհուր 0 0 5 5


