ՃԱՏՐԱԿ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԽՄԲԱՅԻՆ 8-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՍԿՍԱՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ` 3,5-0,5 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼՈՎ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
Երէկ` կիրակի, 17 յուլիսին, Նինկպոյի մէջ (Չինաստան) սկսաւ ճատրակի աշխարհի խմբային 8-րդ ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տասը երկիրներու հաւաքականներ: Այդ տասը խումբերն են` Հայաստան, Ռուսիա, Ուքրանիա, Չինաստան, Հնդկաստան, Հունգարիա, Ազրպէյճան, Եգիպտոս, Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ:
Հայաստանի ազգային հաւաքականը բաւական տպաւորիչ ձեւով սկսաւ մրցաշարքը, երբ 3,5-0,5 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Իսրայէլը: Լեւոն Արոնեան, Վլատիմիր Յակոբեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Սերկէյ Մովսիսեան` հաւասարութիւն մը:
Այս տպաւորիչ յաղթանակը արձանագրելէ ետք, հայրենի կազմը գրաւեց պարագլուխի դիրքը` գերազացնելով Ռուսիան (2-րդ) եւ Ուքրանիան (3-րդ), որոնք իրենց կարգին յաղթանակ արձանագրեցին` յաջորդաբար պարտութեան մատնելէ ետք Միացեալ Նահանգները (3-1) եւ Եգիպտոսը (2,5-1,5):
Մնացեալ երկու ճակատումներուն արձանագրուեցան հաւասարութիւններ: Առաջինին Չինաստան Ազրպէյճանի հետ, իսկ երկրորդին Հնդկաստան` Հունգարիոյ հետ (երկուքն ալ` 2-2 արդիւնքով):
Կ՛ակնկալուի, որ հայրենի վարպետները իրենց յաղթական ընթացքը շարունակեն մինչեւ մրցաշարքին աւարտը:
Նշենք, որ մրցաշարքը կ՛աւարտի երեքշաբթի, 26 յուլիսին:

