85-Ամեակին Ընդառաջ. Յառաջիկայ Շաբաթ Դպրեվանքը Իր Դռները Կը Վերաբանայ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը յառաջիկայ շաբաթ կը բանայ իր դռները: Գլխաւորաբար Լիբանանէն եւ Սուրիայէն ընտրուած ժառանգաւորներ, ինչպէս նաեւ Պարսկաստանէն, Յունաստանէն եւ Մալեզիայէն նախկին թէ նորեկ աշակերտներ կը ժամանեն դպրեվանք` լիցքաւորուելու համար հոգեւոր արժէքներով եւ իրենց միտքը ծաղկազարդելու գիտութեամբ եւ ուսմամբ:
Դպրեվանքի 85-ամեակին ծիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի հրաւէրով, դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան ելոյթներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 85-ամեակին ընդառաջ, իր տուած քարոզներով, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցած զանազան հաւաքներու ընթացքին իր արտասանած խօսքերուն ճամբով, տեսուչ հայր սուրբը խօսեցաւ դպրեվանքի հայակերտումի եւ հոգեկերտումի առաքելութեան մասին:
Ան վեր առնելով սոյն հոգեւոր կրթական հաստատութեան աւելի քան ութ տասնամեակներու ընթացքին ծաւալած գործունէութիւնը սփիւռքահայ կեանքին մէջ, շեշտեց հայ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքները բաւարարելու ատակ մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան յատկապէս անդրադարձաւ Անթիլիասի դպրեվանքի հիմնադիրներու հեռատես այն քաղաքականութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ հայ ժողովուրդի ամայացած հոգեւոր անդաստանը դարձեալ վերածաղկեցնել Հայոց ցեղասպանութենէն ետք բացուած ժամանակահատուածին մէջ` նուիրեալ մշակներ պատրաստելով եւ նուիրաբերելով զանոնք սփիւռքացած հայութեան պահպանութեան այնքան կարեւոր զանազան աշխատանքներուն, աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ:
Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան Թեհրանի մէջ իր կեցութեան օրերուն հանդիպում ունեցաւ թեհրանահայ ամէնօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ, եւ իր հաւաքական զրոյցներուն ճամբով հրաւիրեց զանոնք, որպէսզի ուսումնապէս փայլուն աշակերտները քաջալերեն արձանագրուելու դպրեվանք, ուր հայեցի ու հոգեւոր դաստիարակութիւն ստանալէ ետք անոնք դարձեալ պիտի վերադառնան ազգին` ծառայական բարձր կոչումով ու գիտակից յանձնառութեամբ:
Յայտնենք, որ դպրեվանքին տեսչութեան մաս կը կազմեն Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան (տեսուչ), Շնորհք աբղյ. Աշըգեան (հսկիչ) եւ Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեան (հսկիչ):

