Հայ Տպագիր Մամուլը` Ազգապահպան
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Համակարգչային-համացանցային լրատուութիւնը անմիջական է, անհակակշռելի, ո՛վ ինչ ուզէ կը գրէ, ինչպէս ուզէ, ինչպիսի պատասխանատուութեամբ-անպատասխանատուութեամբ: Քայլ կը պահենք նորութիւն-նորարարութեան հետ` աժան արդիականութեան հետեւելով:
Ողջմտութիւն է, որ ղեկավարութիւնները խորհին հայ տպագիր մամուլի ներկային եւ ապագային մասին, լսեն ժողովուրդը, փորձեն լսուիլ անկէ, առանց զայն շոյելու` մարդորսական միտումով: Թերթերու տպաքանակի եւ ծաւալի նուազումը, կամ` դադարեցումը, ի՞նչ հետեւանքներ ունին ճառային ազգապահպանման վրայ, հայերէն գիրի, գրականութեան տարածման եւ իւրացման տեսանկիւնէ: Այս պահպանման դերը չի կրնար ստանձնել օտարալեզու հայկական համարուող թերթը (օրաթերթ, շաբաթաթերթ, պարբերաթերթ), որ բախտաւոր պարագային տեղեկութիւն կու տայ ծագումով հայու կացութեան մէջ գտնուողներուն, հետաքրքրասիրութիւն կը բաւարարէ:
Հայ տպագիր մամուլի անցեալը, ներկան եւ ապագան սերտ առնչութիւն ունին հայու ինքնութեան եւ հայ մշակոյթի զարգացման հետ: Ան եղած է եւ պէտք է շարունակէ ըլլալ հայ զանգուածներու ինքնատիպ դպրոցը, մնայուն վերաորակաւորման կապը: Մեր պատմագիրներու գործը շարունակած է հայ մամուլը` «Մշակ», «Բիւզանդիոն», «Ազատամարտ», «Հորիզոն», «Յառաջ», «Հայրենիք», «Ազդակ», մանաւանդ երբ կողմնապաշտական ախտէ զերծ մնացած է: Ինքնութեան պահպանման, լեզուի, գրականութեան եւ գաղափարներու իւրացման եւ տարածման բեմ եղած է ան: Համացանցային արագ, մակերեսային, անխնամ, անհակակշիռ լրատուութիւնը կրնա՞յ այդ դերը ստանձնել եւ շարունակել: Հեռանկարային պատասխանատուութեամբ հարկ է խօսիլ համացանցային եւ տպագիր օտարալեզու հայկական լրատուամիջոցներու դերին մասին: Մի՞թէ մեր շիջումը նախորդող հրավառութիւններ են:
Այս հարցերը շեշտուած կերպով առկայ են մոլորակային չափերով ցրուած «սփիւռք»-ներու մէջ:
Կ’ըսենք, որ հայ մամուլը առաքելութիւն ունի: Կա՞յ զանգուած, որ անոր հաւատայ եւ զայն ընդունի: Ինչպէ՞ս ճառ խօսիլ, երբ օրաթերթը կը դառնայ շաբաթաթերթ, որ` կը դառնայ երկշաբաթերթ, հայերէն վերտառութեամբ եւ օտարալեզու բովանդակութեամբ լոյս կը տեսնէ, հայերէնի տեղը պատճէնահանուած-փակցուած էջ կամ սիւնակ կ’ըլլայ:
Պէտք է խօսիլ թիւերու լեզուով, անոնք ենթակայական տուրք չեն տար, ամէն ոք նոյնը կը տեսնէ եւ կը հասկնայ:
Ի՞նչ է այսօր տպաքանակը հայերէն թերթին (թերթերուն)` տուեալ համայնքի մը համրանքին բաղդատած: Ի՞նչ համեմատութեամբ կը հասնի ան իւրաքանչիւրի յարկի տակ: Երբ թերթը չի հասնիր, ո՞ր առաքելութեան մասին կարելի է խօսիլ: Թերթը ապագայի համար պատրաստուած սեպագիր արձանագրութիւն չէ:
Հայ տպագիր մամուլը ունեցած է ազգապահպան եւ վերածնունդի դեր, ազգային, կրօնական, քաղաքական, ընկերաբարոյական, տնտեսական, բարեսիրական, նորարարական, գրական: Անիկա ունեցած է պայծառ դէմքեր, որոնք անսեթեւեթ խօսք ըսած են, որոնց մասին քիչ կը խօսուի (համացանցի դիւրին եւ ընհանրապէս մակերեսային կայքերուն վրայ անոնց տեղ չկայ, յաճախ` անտեղեակութեան պատճառով): Դէմքեր` Արծրունի, Արփիարեան, Շաւարշ Միսաքեան եւ Նարդունի, Նաւասարդեան, Թէօլէօլեան, Գերսամ Ահարոնեան (նոյնիսկ երբ տեսակէտներու տարբերութիւններ ըլլան):
Հայ թերթը սոսկ հեռագրական ոճով լրատուամիջոց չէ, ինչպէս որ են Փարիզի «մեթրօ»-ներուն առջեւ ձրիաբար բաժնուող թերթերը:
Ճիշդ է` հայ թերթը առաքելութիւն ունի, աւելի ճիշդ` պէ՛տք է ունենայ:
Մեր ճակատագրով ժողովուրդի մը թերթը կրնա՞յ ամէն օր ըսելիք չունենալ, մանաւանդ` կողմնապաշտութենէ եւ հաճոյախօսութենէ անդին: Երբ ժողովուրդը այդ խօսքը չի գտներ, կը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը եւ խրամատ կը ստեղծուի թերթին եւ իր միջեւ: Տպաքանակի անկումը նաեւ այսպէս կը բացատրուի:
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) հայ թերթը եղած է տնկարան, յայտնաբերած է տաղանդներ: Կայունացած երկիրներու թերթերը կրնան մասնագիտանալ: Հայ թերթերը, իրենց սահմանափակ միջոցներով եւ տպաքանակով, միաժամանակ լրատուական, քաղաքական, մշակութային, գրական եղած են: Այդ իսկ պատճառով եղած են դպրոց: Անոնց մէջ հանդէս եկած են մեր գրողները` Րաֆֆին, Վարուժանը, Զօհրապը, Զարդարեանը: Շ. Միսաքեանի Փարիզի «Յառաջ»-ը գաղթականներէն հասցուց սաներ, որոնք հայերէն սորվեցան, նուիրուեցան գրականութեան: Հայ տպագիր մամուլի նախախնամական դերը էական է: Ան միաժամանակ մեր մեծագոյն ժառանգութեան լեզուի բարեկարգման նպաստեց` Արծրունիով, Շաւարշ Միսաքեանով, Շաւարշ Նարդունիով, Բենիամին Թաշեանով, որոնք զայն անաղարտ պահեցին, զարգացուցին, չգոհացան խառնածին մօտաւոր հայերէնով մը, օտարումներու եւ զարտուղութիւններու դէմ կանգնեցան, ինչ որ պէտք է ըլլայ հայ լրատուամիջոցի դերը. թերթ, հեռատեսիլ, ձայնասփիւռ, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ` համացանց: Այսօր, տխրութեամբ կրնանք զուարճանալ մեր երեսին նետուող օտարաբանութիւններով, կարթուած ծանօթ-անծանօթ ճահիճներու մէջ:
Այս բոլորէն անկախ կայ նաեւ գործնական հիմնականը. երբ տեղի կու տանք եւ հայերէն թերթը չի հասնիր հայոց տուները, այլ միայն անոնց, որոնք արդէն համոզուածներ են, անտարբեր չեն, ո՞ր առաքելութեան մասին կարելի է խօսիլ: Այս տեղատուութեան ետին կայ դաւադիր եւ պարտուողական օտարախօսութիւնը:
Վերլուծական փորձը պէտք չէ մոռցնէ, որ Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի իրականութիւնները, կարելիութիւնները եւ հետաքրքրութիւնները տարբեր են:
Սփիւռքի մամուլի դժուարութիւններէն մին այն է, որ զգացական հայրենասիրութեան տուրք տալով` ան կ’արձագանգէ կարեւոր եւ անկարեւոր հայկական իրադարձութիւններու, այս տեղեկատուութիւնը յոգնութիւն չի պահանջեր եւ էջ կը լեցնէ: Հայ մամուլը ընդհանրապէս գրասեղանի ետին նստած խմբագիրներով լոյս կը տեսնէ, հետախուզական եւ սեփական միջոցներով խնդիրները լուսաբանող լրագրութիւն չկայ: Փոխարէնը` կան մեկնաբանութիւններ: Այս պատճառով ալ թերթերը իրարու կը նմանին, աղբիւրները իրարու կը նմանին, կ’ընտրուին ըստ խմբագրի հայեցողութեան: Յառաջընթաց կարելի է, եթէ ըլլան նիւթական միջոցներ: Հայ մամուլի (նաեւ օտարալեզու) խմբագիր եւ աշխատակից պէտք է տիրապետեն հայերէնի, որ չըլլայ կիսատ-պռատ, եւ ըստ այնմ վարձատրուին, յանուն զոհողութեան` աղքատ ազգականի վիճակին չմատնուին:
Մատուցուող լրատուամիջոցը վաճառքի ապրանք է, պէտք է ըլլայ գրաւիչ, էջադրում, պատկերազարդում, մասնագիտական աշխատանք, արհեստ, հարկ է վճարել, չըսել` մեր միջոցները բաւարար չեն: Չկայ թերթ, որ սպառումով ապրի, ծանուցումները կենսական են, կախում ունին տպաքանակէն, որպէսզի ծանուցողը հետաքրքրուի, այլապէս այդ կ’ըլլայ նուէր, մեկենասութիւն, հաճոյակատարութիւն:
Սպառումը կ’աւելնայ տեսքով, մատչելիութեամբ, տարբերութեամբ: Լսողը կամ ընթերցողը կը սպասէ մեկնաբանութիւններ եւ տեսակէտներ, զորս ուրիշ տեղ չի գտներ: Թերթը ներկայացման եւ բովանդակութեան որակի համար ներդրում կը պահանջէ, որպէսզի աճի ընթերցողներու թիւը: Մանաւանդ, ընել այնպէս, որ օտար թերթի մէջ տրուածը, տայ հայերէն թերթը` ոչ միայն ընդօրինակելով:
Տոկալու եւ տեւելու համար հայալեզու հայ մամուլը կենսական է: Երբ ան կը դառնայ օտարալեզու, կը շարունակուի տեղատուութիւնը եւ հայը կը դառնայ հայասէր: Օտարին ուղղուած հայ մամուլը առաքելութիւն ունի, այդպէս էր «Փրօ Արմէնիա»-ն: Ինչպէս հայ գրականութեան թարգմանութիւնը` ծանօթացման համար: Երբ ան կ’ուղղուի հայերուն, այդ կ’ըլլայ պարտութիւն:
Հայալեզու մամուլի ապագան հայերով կ’ըլլայ` հասնելով իւրաքանչիւրին:
Եթէ կ’ուզէք, որ ձեր գրածը գաղտնի մնայ, տուէք տպաքանակ չունեցող թերթին: Հայ մամուլը անհաւասար պատկեր կը ներկայացնէր եւ կայ որակի, բովանդակութեան եւ լեզուի խնդիր: Ան ունի այն ապագան, ուր կը տարուին համայնքները, երբ հայախօսութիւնը կը խեղճանայ բոլորի մեղսակցութեամբ: Եւ մութ կ’ըլլայ հայ մամուլի ապագան:
Հայ ղեկավարութիւն պէտք է` ընդդէմ զիջումներու եւ տեղայնութեան: Ինքնութիւն եւ նկարագիր կը պահէ հայ մամուլը, եթէ ներկայութիւն ըլլայ, ոչ փոքրամասնութեան մը կամ հատուածի մը ինքնագոհութեան եւ քարոզչութեան սպասարկողը: Հարց կայ: Տեսակէտներու փոխանակութեան մասնակից դարձնել ընթերցողը եւ չընթերցողը:
Թերի եւ թերացում առանձնացնելն ու սրբագրելը իրաւ քաղաքականութիւն է:
13 օգոստոս 2014, Երեւան

