Քառասնօրեայ. Մօրս Յիշատակին Մայրում Անտոնեան Շխրտըմեանի

ՔՆԱՐ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ-ԳԱՄՊԷՐԵԱՆ

Հոգիս տխուր է,
աչքերս թաց-թաց,
Ինչպէ՜ս քեզ մոռնամ,
իմ միակ հոգեակ,
Ցաւիս, տանջանքիս
միշտ հոգատար մայր…
Ինչպէս ես ապրիմ,
սիրտս է տխրած,
Յիշելով քեզ միշտ
աչքերուս առաջ…
Կիսաբաց աչքերով
ըսելիքներ շատ,
Կ՛ուզեմ տակաւին շոյել մազերդ,
Յոգնած, կնճռոտած,
կոշտացած ձեռքերդ,
Չեմ կրնար մոռնալ
նայուածքդ սիրուն,
Սրտիս մէջ պահած
խօսքերդ թաքուն,
Բարի՜, իմ քնքուշ,
իմ աննման մայր,
Կ՛ուզեմ քեզ ըսել
աշխարհի վրայ
չկայ մէկը որ
քու տեղդ ըլլայ…
Ափսո՜ս, դուն չկաս
իմ չքնաղ, իմ բարի,
իմ քնքուշ մայր…
Share this Article
CATEGORIES