««Ազդակ» Թերթը Իմ Դպրոցս Է». Սիրարփի Ճէրէճեան

ՍՕՍԷ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

«Առանց «Ազդակ» կարդալու` չեմ կրնար օրս անցընել: «Ազդակ»-ը սնունդի չափ կարեւոր է իմ հոգեկան եւ մտային աշխարհիս համար», կ՛ըսէր ընկհ. Սիրարփի: Ամէն անգամ, երբ հանդիպէինք, կը բերէր «Ազդակ»-ի թիւ մը, որ շատ հաւնած կ՛ըլլար, մէջի յօդուածներէն մէկը եւ կը կարդար: Սոնան` դուստրը կ՛ընդմիջէր.

– Մամա՛, ատենը չէ, իրենք ուրիշ գործով եկած են:

Այս անգամ կ՛անցնէր ԼՕԽ-ի տարած աշխատանքներուն, կը վերյիշէր հին օրերը, նկարներ ցոյց կու տար, կը յուզուէր:

Ո՞վ էր ընկհ. Սիրարփին, ո՞վ չի ճանչնար Արագած շրջանին մէջ ընկերուհի Սիրարփին:

Ընկհ. Սիրարփի Ճէրէճեան, ծնեալ` Մարկոսեան, ծնողները` քեսապցի, ամուսինը` մուսալեռցի: Քեսապցիի ծիներով եւ մուսալեռցիի ներշնչումով, ազգասիրական բացառիկ ոգիով գործեց կեանք մը, ապրեցաւ մինչեւ 90 տարեկան: Ապրեցաւ Պուրճ Համուտի Արագած շրջանին մէջ, գուրգուրաց կարիքաւորներուն վրայ, միշտ իր մտասեւեռումն էր երեխաները, «երեխաները փողոց մնացած էին, դպրոց չէին երթար» (կարիքները բազմազան, միջոցները` սահմանափակ):

Իրեն պէս ուրիշ նուիրեալներ մտահոգ էին այս կացութեամբ: Ուստի դիմեցին այդ օրերու Շրջանային վարչութեան` մասնաճիւղ կազմելու համար, ստանալով հաւանութիւնը` 1950 յունիսին հիմնեցին «Արագած» մասնաճիւղը:

Ընկերուհիներ Սիրարփի Ճէրէճեան եւ Նուարդ Պալեան, նախկին Աղապիոս Անդր Նահրի եւ Սին էլ Ֆիլէն առաջ մասնաճիւղը կոչեցին «Արագած», հետագային շրջանն ալ կոչուեցաւ Արագած:

Ընկերուհին անխոնջ նուիրեալ մը, իր երտասարդութիւնը նուիրեց ԼՕԽ-ին` զաւակները ձգելով մօր հոգատարութեան:

Գործեց ընկերուհիներուն հետ, թատերական եւ շարժապատկերի ձեռնարկներ կազմակերպելով, տուներուն մէջ թատերական փորձեր կատարելով, ժողովներ ընելով, նուիրատուներ բացայայտելով` հասնելու համար շրջանի ծով կարիքներուն:

Ընկերուհին մնաց միշտ հաւատացող իր առաքելութեան եւ միշտ հոգատար` երիտասարդ վարչութիւններուն, քաջալերելով ձեռնարկները նիւթապէս եւ բարոյապէս` օգտակար եղաւ մասնաճիւղին: Մինչեւ խոր ծերութիւն ներկայ կ՛ըլլայ ժողովներուն եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսութիւններուն: Արծարծուած նիւթերը կը քննարկէր տեղւոյն վրայ, աւելի ուշ ընկերուհիներուն հետ, միշտ բարի ժպիտը դէմքին: Երբ տեղեկագիրները կը կարդացուէին, առաջին «ապրի՛ք» ըսողը եւ ծափահարողը ինք կ՛ըլլար: Միշտ կը խրախուսէր երիտասարդ ընկերուհիները: Կազմակերպական ոգին այնքան զօրաւոր ր, որ Շրջանային վարչութեան կողմէ  գործուղուած էր Նորաշէնի շրջուն` մասնաճիւղ հիմնելու համար:

Բոլորս կը սքանչանայինք իր հայերէնին, երբ կը հարցնէինք իրեն, թէ «ուրկէ՞ սորված ես հայերէնը», ««Ազդակ» թերթէն», կը պատասխանէր: Սոնային` աղջկան վկայութեամբ, մինչեւ մահ ան կրցաւ ունենալ «Ազդակ»-ը իր կողքին:

5 փետրուար 2011-ին, երբ նորագիրներու հանդիսութիւն մը կազմակերպած էինք, ընկերուհի Սիրարփի շատ մեծ դժուարութեամբ ընդունեց կնքամայրութիւնը` վախնալով, որ լաւ պիտի չխօսի, բայց երբ ուխտի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, կարծես 87 տարեկան չէր, ան ուխտը կարդաց շատ կենսունակ, խրոխտ կեցուածքով: Ճիշդ հայերէնով, ոգեւորիչ խօսքով քաջալերեց նորագիրները` նոր աւիշ ներարկելով համահայկական այս մեծ կազմակերպութեան` ՀՕՄ-ին միացողներուն:

Սիրելի՛ ընկերուհի Սիրարփի, ականջիս մէջ միշտ կը հնչէ խօսքդ. «Ազդակ» թերթը իմ դպրոցս է»:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

Մենք պէտք ունինք քու շունչիդ,

որպէսզի «շունչ տանք հայ օճախի կրակին,

մեր շրթներուն վրայ ծաղկող ամէն բառ»:

Ընկհ. Սիրարփի՛, ես քեզ շատ սիրած եմ, դո՛ւն, նահատակ Պօղոս զարմիկիս զարմուհին:

16 սեպտեմբեր, 2014
Պուրճ Համուտ

Share this Article
CATEGORIES