Սրտի Խօսք Շատ Սիրելի Մօրս` Սիրարփի Ճէրէճեանին Մահուան Քառասունքին Առիթով
Այս խօսքերը, անուշի՛կ մամաս, այնքան պիտի ուզէի, որ ըսած ըլլայի քեզի շաբաթներ առաջ, երբ կեանքը կ՛ապրէինք միասին եւ ուրախ էինք:
Մահանալդ ինծի համար շատ անսպասելի էր եւ շատ մեծ ցաւ պատճառեց. ես չէի հաւատար, որ դուն կը մահանաս` հակառակ յառաջացած տարիքիդ. դուն, որ միշտ եւ այնքան կեանքով լեցուն էիր, այնքան հետաքրքիր` կեանքի բոլոր երեսներով, այնքան կարող` դիմաւորելու կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն:
Հակառակ բոլոր սահմանափակումներուդ` ես չեմ յիշեր բնաւ, որ դուն դժգոհած ես, գանգատած ես, ընդհակառա՛կն, ես կը յիշեմ, որ դուն միշտ կրցած էիր, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուդ, ներշնչել մեզի` զաւակներուդ, կորով եւ քաջութիւն:
Ես կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս ուշ գիշեր, հակառակ օրուան աշխատանքներէդ յոգնած վիճակիդ, կը նստէիր մեզի հետ, ձեռագործդ ձեռքիդ, որպէսզի մենք չքնանանք եւ աշխատինք սորվիլ, շա՜տ լաւ սորվիլ, եւ «անսխալ» կատարել մեր դպրոցական պարտականութիւնները: Այնքան նուիրում կար մէջդ ընտանիքիդ հանդէպ:
Եւ այնքան նուիրում կար մէջդ ազգիդ, համայնքիդ հանդէպ: ԼՕԽ-ը քեզի համար սրբազան գործ էր: Երկար տարիներու քու նուիրուած աշխատանքդ ԼՕԽ-ի մէջ կը նկատէիր հայուհիի նաուազագոյն պարտականութիւնդ եւ կ՛աշխատէիր այնքան անկեղծ, այնքան սիրով. ես դարձեալ չեմ յիշեր երբեք, որ օր մը գանգատած ըլլաս երբեմն ԼՕԽ-ի պահանջած ծանր աշխատանքներէն, երբե՛ք: Քեզի համար ինչպէս ԼՕԽ-ը շատ սիրելի էր, նոյնպէս` ԼՕԽ-ական ընկերուհիներդ: Այս վերջին տարիներուն, երբ տարիքի բերումով, այլեւս գործունեայ չէիր ԼՕԽ-ի մէջ, եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ այս կամ այն պատճառով կ՛այցելէին մեզի, իրիկունը, երբ ես տուն կու գայի, այնքան անկեղծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը տեղեկացնէիր ինծի, որ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ այցելած են մեզի այդ օր:
Եւ միայն հայը չէր, որ կ՛արժանանար քու գթասրտութեանդ. երբ առիթը ունենայիր, կ՛արտայայտէիր գթասրտութիւնդ նոյնպէս ոչ հայ, խեղճ ու տկար անհատին նկատմամբ:
Անուշի՛կ մամաս, ինչպէ՞ս չգնահատեմ մշակոյթի հանդէպ ունեցած քու բացառիկ սէրդ. դուն կը սնանէիր մշակոյթով, մշակոյթի բոլոր արտայայտութիւններով` արուեստներով, ընկերային եւ քաղաքական կեանքի լուրերու ընթերցումով. միշտ կը կարդայիր, այո՛, մինչեւ վերջ ընթերցումի սիրահար էիր. կը կարդայիր գրական գործեր` ազգային թէ միջազգային: Վերջերս ըսիր, որ կարօտցած ես Մալխասի «Զարթօնք»-ը, եւ սկսար դարձեալ կարդալ «Զարթօնք»ը, որ ժամանակին ներշնչած էր քեզ եւ հայրիկը` զիս անուանելու «Զարթօնք»-ի Սոնային անունով: Բայց դուք անշուշտ հայացուցած էիք «Սոնա»-ն եւ զիս անուանած` Սոնա… իմ հայ ծնողքս, ինչպէս հայրիկը, նոյնպէս դուն, հայ էիք ձեր ամբողջ էութեամբ եւ այնքան հպարտ հայ ժողովուրդով, հայու ձեռքբերումներով. յաճախ կ՛ըսէիր կարեկցութեամբ եւ հպարտութեամբ` մեր հայ ժողովուրդը հրաշք ժողովուրդ է…
Իսկ «Ազդակ»-ին կը սպասէիր անհամբեր, ամէն առաւօտ, եւ երբ այն օրը «Ազդակ»-ը լոյս չէր տեսներ, ինքզինքդ կը համարէիր որբացած:
Իսկ սորվելէն երբեք չյոգնող, անուշիկ մամաս, այնքան զարմացուցած էիր զիս եւ իմ համալսարանի ուսանողներս, որոնք կու գային մեզի` աշխատելու ինծի հետ իրենց մագիստրոսի աւարտաճառերուն վրայ. միշտ սիրով եւ ժպիտով կը դիմաւորէիր զիրենք` քաջ գիտնալով, որ անոնք հետս պիտի աշխատէին երկար ժամեր. ո՛չ ես, ո՛չ ալ ուսանողներս, կը յիշենք, որ դուն որեւէ օր նուազագոյն ձանձրոյթը զգացիր. ընդհակառա՛կը, յաճախ կը դադրեցնէիր ընթերցումներդ եւ մեզ մտիկ կ՛ընէիր, երբ մենք հայերէն կը խօսէինք. եւ շատ հետաքրքրուած եւ կեդրոնացած մտիկ կ՛ընէիր. կ՛ուզէիր սորվիլ նոր նիւթեր, նոր մտքեր, հակառակ որ դուն համալսարանական ոչ մէկ պատրաստութիւն ունէիր. եւ երբ ես տուն կու գայի եւ կը խօսէի քեզի իմ համալսարանի դասախօսի կեանքէս, հարցերէս, դուն զիս հասկցող խօսակից էիր, ընկեր էիր: Դուն ինծի համեստ հսկայ մըն էիր:
Իսկ ինչո՞ւ կը գրեմ այս տողերը հիմա, հոս, «Ազդակ»-ին մէջ. յստակօրէն չեմ կրնար ըսել. բայց թերեւս խորունկ փափաք մը ունէի բաժնելու այս զգացումներս եւ մտքերս քեզի շատ սիրելի «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն հետ, յուսալով, որ թերեւս անոնք, բարի ընթերցողները, «Ազդակ»-ի, կը վկայեն զգացումներուս մասին եւ բազմաձայն կը խնդրեն Աստուծմէ, որ փոխանցէ զանոնք քեզի…
Մինչ այդ, ես հրաժեշտ չեմ տար քեզի, անուշիկ մամաս, այլ կ՛ըսեմ` ցտեսութիւն…
Քու Սոնադ`
ՍՈՆԱ ՃԷՐԷՃԵԱՆ

