Զարուհի Գալեմքերեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով
ՎԵՐԺԻՆ ԲԱՆԻԿԵԱՆ
Սիրելի՛ ընկհ. Զարուկ,
Քեզ ճանչցայ լիբանանեան 1975-ի պատերազմի օրերուն, երբ դուն Հայաշէնի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղի ատենապետն էիր:
ԼՕԽ-ի աշխատանքներուն քու նուիրուածութիւնդ փոխանցեցիր ինծի, եւ ես` Հայաշէն նոր հարս եկած հայուհի, անդամակցեցայ ԼՕԽ-ին` դառնալով այդ մեծ ընտանիքին մէկ անդամը:
Պայմաններու բերումով ես յաճախած էի Ֆրանսական դպրոց: Հայերէնին նկատմամբ ճեմարանէն ստացած քու սէրդ պատճառ եղաւ, որ քու ջանքերովդ հայերէն գրել-կարդալ սորվիմ, այսպիսով դարձար հայերէնի իմ ուսուցիչ-դաստիարակս:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ ընտրուած շրջանիդ կը զուգադիպէր ԼՕԽ-ի յիսնամեակը, մեր մտերմութիւնը պատճառ եղաւ, որ ես ալ մասնակցիմ եւ գործակցիմ ԼՕԽ-ի քու աշխատանքներուդ: Քեզի տրուած պարտականութիւնները կատարեցիր մեծ սիրով եւ ուրախութեամբ` առանց նկատի ունենալու անոնց տարողութիւնը, հաւատալով, որ սկսած գործը պէտք էր կատարուէր. հաճելի էին այդ օրերը:
ԼՕԽ-ը եղաւ առաջին կազմակերպութիւնը, որ դեղորայք հայթայթեց Զահլէի հայութեան, երբ Զահլէի մէջ կռիւները հազիւ հանդարտած էին: Քանի մը ընկերուհիներով` Տիգի Թորիկեան, Թագուհի Քէլէշեան, դուն եւ ես գացինք Զահլէ` հասցնելու ԼՕԽ-ին տրամադրած դեղորայքը:
Մասնակցեցար նաեւ ՀՕՄ-ի Պատգամաւորական ժողովներուն, որոնք գումարուեցան Ֆրանսայի եւ Հայաստանի մէջ:
ԼՕԽ-ի միջոցով հայութեան ծառայելուդ կողքին, ստանձնեցիր նաեւ շրջանի «Ռոստոմ» կոմիտէին քեզի վստահած դատական յանձնախումբի անդամի աշխատանքը: Իսկ պատերազմի տաք օրերուն կամ անկէ անկախ, ով որ քեզի դիմեց, անոր օգտակար դարձար` յարմար լուծումներ գտնելով կամ թելադրանքներ եւ ուղղութիւններ տալով:
Անհանգստութիւնդ եւ մահդ շատ արագ եղան:,
Անակնկալ մահդ ցնցեց ոչ միայն ընտանիքդ եւ ԼՕԽ-ը, այլ նաեւ` ամբողջ Հայաշէնը, նոյնիսկ` ոչ հայ բնակիչները:
Տակաւին շատ աշխատանքներ կային, որոնք կ՛ուզէիր իրագործել, սակայն դժբախտաբար անոնք մնացին կիսաւարտ, քու հետդ աշխատած բոլոր ընկերուհիները վստահաբար պիտի աւարտեն զանոնք:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկերուհի:

