Մեծ Մօրս` Զարուհի Գալեմքերեանի Յիշատակին

Քառասուն օրեր անցած են մեր կեանքէն, բայց այսպիսի տագնապալի օրեր` երբեք: Եւ տակաւին պիտի անցնին տարիներ, եւ մենք կ՛ապրինք քու յիշատակներովդ, տան բոլոր անկիւնները երբ նայիմ, կամ անցնիմ սենեակներէն մէկուն մօտէն, կը լսեմ քու գեղեցիկ ու քնքուշ ձայնդ, որ միշտ կը կրկնէ` «Դուք ձեզի լաւ նայեցէք»:

Քու վախդ եւ մտահոգութիւնդ կը զգայի, ամէն անգամ որ նայէի աչքերուդ մէջ: Իսկ հիմա դատարկութիւնը յստակ է թէ՛ տան եւ թէ՛ իմ սրտիս մէջ: Որքան կարօտ եմ քու ամէն մէկ նայուածքիդ, ամէն մէկ խօսքիդ, մինչեւ անգամ քու շուքիդ, մեր տունէն ներս դուն դարձած էիր սրբութիւն, որմէ մենք եւ անձնապէս ես կը ստանայի օրհնութիւն:

Քու կեանքդ նուիրած էիր ԼՕԽ-ին, ժրաջան աշխատանքովդ եւ անխնայ ճիգերովդ փորձեցիր միշտ առաջնահերթութիւնը տալ Լիբանանի օգնութեան խաչին, որպէսզի հայ ազգը մնայ միշտ կայուն հիմերու վրայ: Հայութիւնը ամէն բանէ վեր դասելով` միշտ հասար քեզի նման ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուդ:

Ազնիւ ու փափուկ սրտովդ քու զաւակներուդ եւ թոռներուդ մէջ տարածեցիր խինդ, ծիծաղ ու սէր, ժպիտը միշտ անպակաս էր դէմքէդ. դուն դարձած էիր ոչ միայն մեր «նանա»-ն, այլ նաեւ սերտ ընկերուհի, սիրող մայր, ինչո՞ւ չէ, սրտակից ընկեր:

Ես չեմ ըսեր, այսօր կորսնցուցի քեզ իբրեւ անձ, այլ հրեշտակ դառնալով` դուն կողքիս ես, իմ պահապանս դարձած` ինծի կը հսկես:

Կը խնդրեմ, որ ինչպէս առաջ, հիմա դարձեալ ինծի հետեւիս, օգնէ, որ կեանքիս ամէն մէկ քայլին կարողանամ զատել ճիշդը եւ ընտրել լաւագոյնը:

Հանգիստ ննջէ, իմ աննման մեծ մայր, ես պիտի կատարեմ քու խօսքերդ:

«Մամայիդ լաւ նայէ…»

Հողը թեթեւ վայ վրադ:

 

ՄԵՂՐԻ ԲՈՐԲՈՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES