Մեր Շատ Սիրելի Ընկերուհի Զարուկը

15 օգոստոսն է, օդանաւին մէջ եմ, Հայաստանէն Պէյրութ կը վերադառնամ: Հիւրընկալ օրիորդը թերթեր ներկայացուց, բնականաբար ընտրեցի «Ազդակ» օրաթերթը, հազիւ էջը դարձուցի, կարծես սիրտս պահ մը կանգ առաւ` կարդալով, որ ընկերուհի մը նուիրատուութիւն կ՛ընէ ընկերուհի Զարուհի Գալեմքերեանի մահուան առիթով…

Չեմ հաւատար, մեր Զարո՞ւկը. ուրիշ Գալեմքերեան Զարուհի կա՞յ, ամուսինիս փոխանցեցի թերթը` վստահ ըլլալու համար, թէ մեր սիրելի Զարուկին մասին է այդ ցնցիչ գոյժը:

Ես, որ ուրախութեամբ կը վերադառնայի  Հայաստանէն` վերատեսնելու համար ընտանիքիս  անդամներն ու ընկերուհիները… տրամադրութիւնս քանդուեցաւ:

Ուրեմն քեզ պիտի չտեսնէինք ԼՕԽ-ի կազմակերպչական յանձնախումբի ժողովներուն: Մինչեւ Պէյրութ հասնիլս` քու մասիդ կը մտածէի: Այս անակնկալ մահը չէի կրնար ընդունիլ: Դուն, որ տարիներ յանձն առիր «Հայաշէն», «Կարս» եւ «Աստղիկ» մասնաճիւղերը, ո՞վ կրնայ քեզ փոխարինել: Յատկապէս «Հայաշէն» մասնաճիւղին հետ նոյնացած էիր, Հայաշէնի ակումբը կարծես քու երկրորդ տունդ էր: Միշտ խոհեմ, հաւասարակշռուած հոգեկան նեցուկ դարձար մասնաճիւղիդ, քու վաստակովդ միշտ կանգուն պահեցիր «Հայաշէն» մասնաճիւղը:

Իսկ մեր բուռն ժողովներուն դարձար հանդարտեցնող տարրը: Քու փորձառութենէդ միշտ ունէիր դրուագ մը պատմելու, մթնոլորտը հանդարտեցնելու համար:

Շատ ուրախ եւ հպարտ էիր, որ քեզի առիթը ներկայացուած էր ճեմարանական ըլլալու, բայց շատ կը ցաւէիր, որ զաւակներդ չկրցար ղրկել ճեմարան:

Օր մը բացառիկ ուրախութեամբ եկար ժողովի: – – Ի՞նչ կայ, Զարո՛ւկ,- հարցուցի:

– Թոռներս ճեմարան արձանագրուեցան:

Անսահման հրճուանք կ՛ապրէիր, վերջապէս երազդ իրականացած էր:

Քեզի համար ճեմարանը Հայաստանի շարունակութիւնն է, երբ Հայաստան գացիր ԼՕԽ-ի պարտականութեամբ` ըսիր. «Հայաստանը ուրիշ է, Հայաստանը մերն է»: Գոհունակութիւնդ գագաթնակէտին հասած էր, երբ գացիր Հայաստան թոռներուդ Վարանդին եւ Հրանդին հետ:

Շա՛տ սիրելի Զարուկ, մենք չենք մոռնար քեզ, քու գրութիւնդ` հարցաթերթիկը, որ պատրաստած էիր մասնաճիւղերուն համար, կը պահենք յիշատակ` քու ձեռագրովդ:

Բոլորս գիտենք, որ պարտաճանաչ էիր, եթէ առողջական հարցեր չունենայիր:

Շա՛տ սիրելի Զարուկ, նուիրումդ ԼՕԽ-ին նկատմամբ օրինակելի էր եւ վարակիչ, մենք քեզ երբեք չենք մոռնար, շատ կը սիրենք քեզ, յիշատակդ միշտ վառ պիտի պահենք,: ինչպէս «արի պահակն անցեալի»:

ՍՕՍԷ
Կազմակերպչական յանձնախումբին կողմէ

17 սեպտեմբեր 2014
Պուրճ Համուտ

Share this Article
CATEGORIES