ԷՐՏՈՂԱՆԷՆ ՊԱՏԳԱՄ ՔԱԿ-ԻՆ. «ԱՅԼԵՒՍ ԲԱՐԻ ԿԱՄԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉՑՈՒՑԱԲԵՐԵՆՔ»
Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` անդրադառնալով ուրբաթ օր Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն եւ թուրք զինուորներուն միջեւ տեղի ունեցած բուռն բախումին, յայտարարեց, որ ՔԱԿ այլեւս թող չսպասէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները բարի կամեցողութիւն դրսեւորեն:
«Մեր 13 զինուորներուն մահը մեծ ցաւ պատճառած է մեզի: Սակայն ահաբեկչական կազմակերպութիւնն ու անոր քաղաքական ճիւղաւորումները պէտք է շատ լաւ գիտնան, որ այլեւս բարի կամեցողութիւն պիտի չցուցաբերենք: Մենք ամէն ինչ ըրինք, որպէսզի անոնք կարենան իրենց պայքարը ժողովրդավարական դաշտին մէջ շարունակեն», ըսած է Էրտողան:
Թուրքիոյ վարչապետը անգամ մը եւս յայտարարած է, որ «այլեւս քրտական հարց գոյութիւն չունի»:
«Ազգութեամբ քիւրտ իմ քաղաքացիներս այլեւս ազգային փոքրամասնութեան կարգավիճակի մէջ չեն: Իշխանութեան գալէ ի վեր երեք բանի մէջ յաջողեցանք` վերցուցած ենք ժխտման քաղաքականութիւնը, կը վերցնենք նաեւ ուծացման քաղաքականութիւնը: Եւ եթէ ուշադիր եղած էք, ընտրութիւններէն առաջ յայտարարած էինք, որ այս երկրին մէջ քրտական հարց այլեւս գոյութիւն չունի, գոյութիւն ունի ՔԱԿ-ի խնդիրը: Ազգութեամբ քիւրտ իմ քաղաքացիներս ալ խնդիրներ ունին, որոնց լուծման համար մենք պիտի շարունակենք ջանքեր գործադրել», ըսած է Էրտողան: