ՔԼԻՆԹԸՆ – ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն շաբաթ օր Տոլմապահչէի Թուրքիոյ վարչապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ հասարակաց դիրքորոշում որդեգրելու եւ համագործակցութիւնը շարունակելու:
Հանդիպումին ներկայ գտնուած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու: Քննարկուած են շրջանային հարցեր, մասնաւորաբար Լիպիոյ եւ Սուրիոյ առնչուող հարցերը: Անոնք խօսած են Պոլսոյ մէջ Լիպիոյ շուրջ կապի յանձնախումբի ժողովին յաջողութեան մասին:
Կողմերը նաեւ անդրադարձած են հակահրթիռային պաշտպանութեան նիւթին: Այս առնչութեամբ որոշուած է բանակցային հոլովոյթը ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ շարունակել: