Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անտարբեր էք ձեր պարտականութիւններուն հանդէպ. ուշադիր եղէք, որպէսզի դիտողութիւն չլսէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ապրեցէք սիրոյ արկածախնդրութիւն մը, սակայն զգուշացէք խորը թափանցելէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընտանեկան կեանքը ամուր հիմերու վրայ է. հակառակ ասոր` աշխատանքի դժուարութիւններ ունիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ձեզ լսող չկայ, աւելի բարձր խօսեցէք եւ` վճռական, որպէսզի յաջողիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Նուէրներու համար շատ դրամ մի՛ ծախսէք. անոնց արժէքը գինին մէջ չէ, այլ սիրով նուիրելն է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Անժխտելի արժէքներ ունիք, որոնց տեղեակ չէք. ձեր արժէքները նախ դուք գնահատեցէք եւ դուք ձեզ արժեւորեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր գործերը դանդաղ կ՛ընթանան: Քննարկումի ենթարկեցէք եւ յաջողութիւնը պիտի չուշանայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր բարեկամները մեծ նեցուկներ են ձեզի. լսեցէք անոնց խորհուրդները, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ ձեր գործը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքին մէջ մի՛ աճապարէք, քանի որ աւելի արագ չէք կրնար տեղ հասնիլ, ընդհակառա՛կը, կրնաք սխալներ գործել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Չափաւորեցէք ձեր եռանդը. թեթեւ մարզանքներն ալ կրնան օգտակար ըլլալ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այս օրերուն ձեր տնտեսութիւնը տկար վիճակի մէջ է. ներկայիս մեծ ծախսեր մի՛ ընէք, այլ խնայողութեան մասին մտածեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Համաձայնագիր մը ստորագրելու ժամանակը չէ. հարկ է սպասել պատեհ առիթի մը:

