50 Տարի Առաջ (23 Սեպտեմբեր 1964)
Ի Բերանոյ Քումմէ
Թուրք Թերթի Մը
Խոստովանութիւնները
«Տարուէ Տարի Ետ Կ՛երթանք, Փերիշան Վիճակի
Մատնուած Է Մեր Կրթական Գործը…»
Վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ 1955-ին երկրին մէջ գրել-կարդալ գիտցողներու համեմատութիւնը 41 առ հարիւր էր, իսկ 1960-ին` իջած է 39 առ հարիւրի: Մնաց որ, այս համեմատութիւնը վաւերական թուանշան մը չէ, եւ ճշդիւ չենք գիտեր, թէ երկրին մէջ գրել-կարդալ գիտցողներու համագումարը որքա՛ն է: Գիւղական վարժարանը աւարտող եւ վկայական առնող տղան երկու-երեք տարի վերջ գիրք մը ձեռք կ՛առնէ՞ արդեօք, բան մը կը գրէ՞:
Թողունք գրել-կարդալու պարագան, առնենք միջնակարգ վարժարաններու մէջ տրուած կրթութիւնը: Ուսուցչական միութեանց հրատարակած ցուցակագրութեան համաձայն, երկրին բնակչութեան 30 առ հարիւրը միայն կ՛օգտուի միջին կրթութենէն: Ասկէ զատ, աշակերտութեան յաճախած վարժարանները իսկական լիսէներ եւ միջնակարգ վարժարաններ չեն, դասատուները պատահաբար գտնուած անձեր են: Օրինակ, առողջապահական պաշտօնեան բնական պատմութիւն կ՛ուսուցանէ, ելեւմտական պաշտօնեային կը վստահին ուսողութեան դասը` խորհելով որ հաշիւէ կրնայ հասկնալ, նոյնիսկ դասերուն մէկ մասը կ՛անցնի առանց դասատուի, եւ տարեվերջին աշակերտը թոմպալա խաղալու պէս քննութեան հարցումը կը քաշէ` կա՛մ կարգը կ՛անցնի եւ կա՛մ վերաքննութեան կը մնայ եւ կա՛մ կարգը կը կրկնէ:
Իրականութեան մէջ այս վարժարաններու աշակերտութիւնը բախտին եւ դիպուածին ձգուած է, եւ որեւէ տարբերութիւն չկայ կարգը անցնողներուն եւ կրկնողներուն միջեւ: Եւ կամ թէ շատ ճղճիմ է տարբերութիւնը: Եթէ քննենք Անատոլուի լիսէները աւարտող եւ համալսարանի քննութեանց մասնակցող տղոց ստացած նիշերը, պիտի ըմբռնենք որոշապէս, թէ ի՛նչ խեղճուկրակ, փերիշան վիճակի մը մատնուած է միջնակարգի ուսուցումը երկրին մէջ:
Թողունք Անատոլուն, Անգարայի, Պոլսոյ ամենածանօթ միջնակարգ վարժարաններէն հասած տղաքը յաջողութեան տեղ ամէն տարի քիչ մը եւս ետ կ՛երթան, եւ մասնաւոր վարժարաններն են, որ կը փոխարինեն այդ դպրոցները:
Հիմա ալ տարբեր ժխոր մը բարձրացած է` պարտքով դասարան անցնելու աղմուկը: Պիտի ըլլան բնականաբար այս աղմուկները: Յառաջիկայ տարիներուն, աւելի դղրդալից վայնասուններ պիտի լսենք: Այս բոլորը հետեւանքն են պարզապէս մեր կրթական փերիշանութեան, խառնակութեան:
Պուրճ Համուտի Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան
Երկրորդական Վարժարանը
Պուրճ Համուտը էր երբեմն ամայի ու անշուք, դարձաւ ովասիս: Իսկ ներկայիս իր բարձրաբերձ կառուցումներով, իր վաճառատուներով, իր արհեստաւորներով, իր գործատուներով, իր վարժարաններու ու եկեղեցիներու ցանցերով եւ քաղաքապետարանով դարձած է Լիբանանի հայութեան սիրտը ներկայացնող շէն ու շքեղ քաղաք մը:
Ահաւասիկ նոր ու փայլուն ապացոյց մը եւս` հայու շինարարական ստեղծագործ տաղանդին: Արդարեւ, ի՜նչ մեծ բախտաւորութիւն, որ Պուրճ Համուտը կ՛օժտուի ազգային երկրորդական վարժարանով մը: Բիւրաւոր աշակերտներ իրենց նախակրթարանային ուսումէն ետք այլեւս պիտի չվարանին ափ առնել վերոյիշեալ դպրոցին դուռը:
Եւ այս դպրոցները, որպէս մէյ մէկ լուսատու փարոս, ու երկնապարգեւ այբուբենը մեր հրաշալի` կոչուած են բոլոր եկած ու գալիք խաւարներու մէջէն մեզ առաջնորդելու դէպի յաւերժութիւն:
Մեծ յոյս ունինք, որ սոյն հայկական քոլեճին խնամակալութիւնը ճիգ պիտի չխնայէ վարժարանը օժտելու ընտիր ուսուցչական կազմով մը, որպէսզի ան արդարացնէ իր վրայ դրուած բոլոր յոյսերը եւ հետզհետէ դառնայ կրթական տիպար հաստատութիւն մը:
Արդէն իսկ վարժարանը շատ գեղեցիկ առաջադրանքներով ճամբայ կ՛ելլէ, որոնցմէ առաջինն ու էականն է` հայ նորահաս սերունդին տալ ազգային տոհմիկ դաստիարակութիւն:
Այս առիթով եւ օտար լեզուներու լաւագոյնս ուսուցման համար անշուշտ նախատեսուած է հիւպատոսարաններու դիմում կատարելու պարագան: Օրինակի համար` Պրիթիշ քանսըլը թերեւս սիրով ու ձրիաբար տրամադրէ կարող ուսուցիչ մը եւ այսպէս` ուրիշներ: Իսկ արաբերէնի համար մեր բարեխնամ կառավարութիւնը վստահ ենք, իր կարելին չի զլանար արդէն:
Արդ, ի սրտէ ողջունելով Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգ. քոլեճին բացումը` սրտագին յաջողութիւններ կը մաղթենք անոր խնամակալ մարմինին եւ ուսուցչական կազմին:
Պատի՛ւ լոյսի այս նորաբաց վառարանի բարերարներուն:
Ա. ԳՐԱՃԵԱՆ

