Վերյիշելով 11 Սեպտեմբեր 2001-ը

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Տասներեք տարի առաջ, այս օրուան առաւօտուն, զաւակներս Ռիճֆիլտ Նիւ Ճըրզիի դպրոցը տանելէս ետք, երբ կը դառնայի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի տանող Պըրկըն Պուլվարի վրայ, ձայնասփիւռէն ըսին, թէ Առեւտուրի համաշխարհային կեդրոնի շէնքին մէջ մեծ հրդեհ մը ծագած էր. կը կարծուէր, թէ օդանաւ մը ճեղքած ու մտած էր երկնաքեր շէնքերէն մէկուն մէջ:

Անմիջապէս տունը երէցկինին հեռաձայնեցի, որ պատկերասփիւռէն նայի, թէ ի՛նչ կը պատահէր Նիւ Եորքի մէջ եւ յետոյ զիս տեղեակ պահէր: Եկեղեցւոյ գրասենեակը հասնելուս` Մարին հեռաձայնելով յայտնեց, թէ ճիշդ այդ պահուն տեսաւ, թէ ինչպէ՛ս երկրորդ օդանաւ մըն ալ միւս շէնքը ճեղքած ու ներս մտած էր` հոն ալ հրդեհ յառաջացնելով:

Այդ օրը համայն աշխարհը դողաց, ահաբեկիչները աշխարհի հզօրագոյն երկրին սիրտը խոցեցին` սկսելով Նիւ Եորքէն, մինչեւ Փենսիլվանիա եւ մինչեւ ամրագոյն շէնքը մայրաքաղաք Ուաշինկթընի զինուորական հրամանատարութեան` Փենթակոն:

Մենք Նիւ Եորքի այդ երկու շէնքերուն մէջ աշխատող բազմաթիւ ծխականներ եւ սիրելի բարեկամներ ունէինք եւ կը ջանայինք կարելի միջոցներով լուր առնել իրենց մասին:

Նիւ Եորքի մէջ էին մեր երկու առաջնորդարանները` մայր եկեղեցիները, եւ բազմաթիւ ազգային բարեսիրական հաստատութիւններ, եւ հազարաւոր հայրենակիցներ հոն կ՛ապրէին եւ շրջակայքէն ալ հոն կ՛երթային աշխատելու` իրենց օրուան հացը ապահովելու համար:

Այդ օրը մեր ամուսնութեան 25-ամեակը պիտի տօնէինք, բայց եղաւ սուգի օր մը մեզի եւ համայն աշխարհի բնակչութեան համար:

Նախորդ երեկոյեան երէցկինին հետ գացած էինք Հատսըն գետի ափին քալելու, երբ Մարին ըսաւ` երթանք այստեղէն, ինքզինքս լաւ չեմ զգար, ապահով չեմ զգար, բան մը պիտի պատահի: Իրեն առաջարկեցի, որ երթանք քիչ մը անդին թենիսի դաշտերուն կողմը, բայց հոն ալ չուզեց մնալ, ես չէի ուզեր տուն երթալ Նիւ Եորքի լուսառատ շէնքերուն փայլքէն հրապուրուած, բայց ինչ արած, տուն գացինք: Այդ նախազգացումը որեւէ կապ ունէ՞ր, թէ՞ ոչ, յաջորդ օրուան պատահածին հետ, Աստուած գիտէ:

Իրիկունը եւ յաջորդ առաւօտ մխիթարուեցանք եւ փառք տուինք Աստուծոյ, երբ իմացանք, որ մեր ծխականներն ու բարեկամները մեծ դժուարութիւններով ողջ առողջ տուն վերադարձած էին: Այդ առաւօտ եկեղեցին բաց էր հարիւրաւոր հայրենակիցներուն առջեւ, որոնք եկած էին աղօթելու եւ մոմ վառելու. ոմանք պատմեցին, թէ իրենք հրաշքով փրկուած էին այդ երկու շէնքերուն ահաւոր պայթումէն ու փլուզումէն… Օրերով Նիւ Եորքի այդ այրած ու փլատակ դարձած շէնքերէն բարձրացող ծուխն ու մուխը մեր մթնոլորտը ապականեցին:

Տասներեք տարի ետք, երբ Ամերիկայի մէջ մեծ յուզումով ու յարգանքով կը յիշատակուին սեպտեմբեր տասնմէկ երկու հազար մէկի անմեղ զոհերը աղօթքով ու երկիւղածութեամբ, նոր պատերազմ մը կը պատրաստուի: Միջին Արեւելքի մէջ, երբ Իրաքի եւ Սուրիոյ միլիոնաւոր անօթի, ծարաւ ու անտուն թափառական աղէտեալները իրենց գոյութիւնը կը քաշքշեն, անդին` կը պատրաստուի միջազգային դաշինքի մեծ յարձակում մը` մասնակցութեամբ տասնեակներ հաշուող երկիրներու, գլխաւորութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, այս պահու դրութեամբ նպատակ ունենալով Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ մահ ու սարսափ տարածող նորահաստատ իսլամական պետութեան Աստուծոյ ու կրօնի անունով զինեալ մարդասպանները պարտութեան մատնել եւ դուրս քշել ու հանել հրապարակէն…

Տէ՛ր, Դուն ողորմեա՛ մեզ ու շէնք շնորհք պահէ քու պատկերովդ ստեղծուած աշխարհի մէջ ապրող արժանաւոր մարդ արարածներդ:

 

Նիս, 11 սեպտեմբեր 2014

Share this Article
CATEGORIES