Որպէս Ազգ Տեւելու Մասին Հակազգացական Խօսք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Օրը օրին ապրելու եւ զգացական հայրենասիրութեան խաղով տարուած, որպէս ազգ տեւելու հարցը կարծէք դադրած է հեռանկարային մտահոգութիւն ըլլալէ:

Նահանջ կայ, խուճապ: Կը խարխափենք, լեզուական խառնիճաղանճէն մինչեւ Հայկական հարցը, որ կը խեղդուի Ցեղասպանութեան ճանաչման անվնաս խաղին մէջ, «խոստումներ»-ու կշռոյթով անձանձրոյթ «թարանթելլա» պարելով:

Յոգնեցուցիչ ըլլալով անգամ` պէտք է յիշել, յիշեցնել եւ կրկնել, որ սփիւռք(ներ)ը ազգի աւելի քան կէսն է որպէս համրանք: Որակական հարցը այլ է, որուն մասին խօսիլ յաճախ մեղանչում կը համարուի, կարծէք` ճշմարտութենէն կը խուսափինք: Այդ որակը նախ հողի տիրութեան գիտակցութիւն է:

Որակի կորուստը ընդհանրապէս կորուստ է,  մանաւանդ երբ կը սկսի ինքզինք չափանիշ համարել:

Սփիւռքը ծնունդ առած էր հայրենահանման իբրեւ հետեւանք եւ կը տեւէ հայրենահանուածներով ու անոնց ժառանգներով: Ոչ միայն ցեղասպանութիւն, այլ նաեւ` հայրենահանում: Օտար ուժեր տիրած են հայրենիքներու, բայց երբ հողին տէրերը մնացած են, եկած է ազատագրութեան պահը, մարդիկ կռուած են:

Հայրենահանումը աւելի մեծ աղէտ է, քան` ցեղասպանութիւնը, ազգային տեսանկիւնէ, բայց աշխարհ, նաեւ` մեր ժողովուրդը, այդ հարցին լիարժէք իմաստով չ՛առաջնորդուիր:

Աղմկարարութիւնը յաճախ կը մոռցնէ այս գոյութենական եւ գոյառման ճշմարտութիւնը:

Ազգային որակը կարենալ տեւելու ազդակ է: Առանց անոր` կը մնան անդիմագիծ ցրուած փոքրամասնութիւններ, կորսնցնելով իրենց ինքնատիպ բովանդակութիւնը, ինչպէս` կաղամարի մելանի կապոյտը աւազանի մը ջուրին մէջ, որ ո՛չ գրելու կը ծառայէ եւ ո՛չ ալ գոյն կ՛ունենայ:

Հայրենահանում եւ հայրենալքում տեսակարար տարբերութիւն չունին ազգի տոկալու եւ տեւելու տեսանկիւնէն: Հեռացում-նօսրացում-ամայացումը կը թոյլատրէ դեռ ժամանակ մըն ալ աւանդականի եւ աւանդութիւններու մակերեսային անվաղորդայն շարունակութիւնը` «հայկական ընկերութեան» բոլոր մակարդակներուն, ուղղահայեաց եւ հորիզոնական, ուր կը գերիշխեն սովորութիւնները, կղզեխումբի մը կղզեակներուն վրայ երջանիկ կեանքով ապրողները, երէկ ընտանեկան, այսօր դրամատնային, աճող նոր աւատապետական-ընտանեկան-ընկերական «իշխանապետութիւնները»: Միջազգային բնորոշումով` «էսթեպլիշմընթ»:

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, ութ ամիսներու ընթացքին Հայաստանէն հեռացած են  97.000 անձեր:

Հողին տիրութիւնը բնակչութեան խտութեամբ կ՛ըլլայ եւ ոչ` յարաճուն նօսրացումով: Միթէ կա՞յ տիրութիւն ընելու այլ եղանակ: Իսկ տիրութիւն չընել` հայրենալքում է: Մեր դիզած գումարներով վարձու պահակնե՞ր պիտի ղրկենք հողը պահելու համար:

Երջանկութիւն մը կայ հրապարակի վրայ, որ կ՛օրօրուի ու կ՛օրօրէ` ճկոյթի ետին թաքնուելով: Օսմանցիներու օրէն ժառանգուած ջոջականութեամբ:

Եթէ ազգային որակ պահած ըլլայինք, ութ ամսուան ընթացքին 97.000 հայեր հայրենիք չէին լքեր` գումարուելով նախկիններուն: Այս միակ չափանիշը չէ:

Զարմանալի է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ)` ազգային վերաբերում չենք ճշդած այս ազգաքանդ երեւոյթին հանդէպ:

Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին նացիները գրաւեցին Ֆրանսան: Կարսով, անապահովութիւն, հալածանք եւ մահ, բայց Փուաթիէի կամ Պորտոյի ֆրանսացիները չգաղթեցին, ֆրանսախօս Քեպեք չգացին: Դիմադրական շարժում կազմակերպեցին եւ տէր մնացին հողին:

Եւ զարմանալի է, որ մեր «ղեկավարութիւնները», Հայաստան եւ սփիւռք, ազգային հեռանկարի տեսանկիւնէ չդիրքորոշուեցան բացասական արտագաղթի եւ արտագաղթողներու նկատմամբ, ընդհակառա՛կն, զգացական-հայրենակցական եւ կողմնապաշտական-մարդորսական վերաբերում ունեցան: Հայաստանի դատարկման դէմ, ո՛չ ներսը եւ ո՛չ դուրսը, ազգային իրաւ բովանդակութեամբ քաղաքականութիւն չունեցանք եւ չունինք:

Ազգային իրաւ գիտակցութիւն ունեցող մարդիկ ըսին, որ այս արտագաղթը Ցեղասպանութենէն ետք յռռեգոյն երեւոյթն էր հայոց պատմութեան մէջ (Սիլվա Կապուտիկեան): Թերեւս` աւելի վատ, քանի որ Ցեղասպանութենէն վերապրողները պահած էին ոգի եւ վերադարձի յոյս, իսկ արտագաղթը մնայուն արիւնահոսում է, ոչ մէկ ազգային հեռանկար ունի: Աւելի՛ն. ան իր ներկայացուցած հայրենալքման բացասականութեամբ, սփիւռքի տոկալու եւ տեւելու կամքը կը փտեցնէ: Միամիտ մը, օր մը, երբ այս մասին կը խօսուէր, ըսաւ, որ այս վերաբերումով «սեպ կը խրենք» հատուածներու միջեւ: Միթէ հաստատուն տեղ մը կա՞յ վերադարձի յոյսին եւ հայրենալքման միջեւ, ուր կարելի ըլլայ «սեպ խրել»:

Կ՛ըսե՞նք, որ արտագաղթողներու սփիւռքի ուռճացումը ազգի տոկալու եւ տեւելու կարողականութեան ոչ մէկ նպաստ կը բերէ, նոյնիսկ եթէ անոնց մէջ կան պատրաստուած անձեր, լեզուագէտներ, պատմագէտներ եւ այլն: Այս մտածումը այլամերժութիւն չէ, այլ` ազգային հեռանկարի տեսանկիւնէ դիրքորոշում:

Ինչ որ ալ ըլլան պատճառաբանութիւնները, արտագաղթը աղէտ է:

Մի՞թէ գերմանացի մեծ իմաստասէր Էմմանուէլ Քանթի պատգամին առջեւ մեր հոգիի եւ միտքի դռները խցուած են: Պատգա՞մը. ընել այնպէս, որ իւրաքանչիւրի արարքը կարելի ըլլայ վերածել տիեզերական օրէնքի:

Որպէսզի «սեպ չխրենք», կազմակերպե՞նք համահայաստանեան արտագաղթ դէպի Լոս, Էյֆէլեան աշտարակ կամ Հոնոլուլու…

 

21 յունուար 2013, Նուազի-լը-Կրան

 

 

Share this Article
CATEGORIES