Յուշատետր. Մտածումը Անտեսանելի Է
Ռ. Հ.
Գրեցի ու կրկին պիտի գրեմ: Որքա՛ն լաւ կ՛ըլլար, որ ստեղծուէր մտածումները արձանագրող գործիք մը, գրպանի հեռախօսի նման բան մը, որուն շնորհիւ մեր մտածումները պիտի փրկուէին օդին մէջ ցնդելէ:
Բայց հիմա յանկարծ սարսափազդու պատկեր մը ծնունդ կ՛առնէ մտքիս մէջ: Վտանգ մը, որուն մասին չէի մտածած: Ի՞նչ կը պատահէր, եթէ գիտնականները ստեղծէին մարդուս մտածումները կարդացող գործիք մը:
Մարդուս մտածումները կարդացող գործի՛ք: Մարդուս ամէնէն մտերմիկ ու գաղտնի մտածումներն իսկ կարդացող գործիք` դիմացս կանգնած մէկու մը ձեռքին մէջ: Գործիք մը, որ մտածումներս կը տեսնէ այնքան յստակ կերպով, որքան յստակ կերպով իմ ներքին գործարաններս կը տեսնէ շողանկարի գործիքը: Գործիք մը, որմէ բացարձակապէս չեմ կրնար թաքցնել իմ այդ վայրկեանի մտածումներս: Եւ այդ գործիքը կը գտնուի դիմացս նստած մէկու մը ձեռքին մէջ, մէկը, որ թերեւս իմ բարեկամս չէ, իմ թշնամիս է, իմ ոստիկանապետն է, իմ հարցաքննիչն է, իմ դատաւորը, կամ նոյնիսկ` իմ ամենասիրելի բարեկամը: Ոչինչ կը փոխուի մէկուն կամ միւսին պարագային: Դիմացինս կը տեսնէ, թէ ես ինչ կը մտածեմ: Ես թշուառ դիրքի մատնուած եմ, որովհետեւ աշխարհի վրայ չկայ մահկանացու մը, որ պիտի չուզէր իրեն պահել իր կարգ մը մտածումները, չկայ մահկանացու մը, որ երբեմն պիտի չմտածէր այն, ինչ որ պիտի չուզէր, որ ուրիշները գիտնային: Եւ հիմա կարծես մօրէ մերկ նտած եմ դիմացինիս առջեւ ու այդ դիմացինս քանդիչ հետաքրքրութեամբ գործիք մը բռնած է ինծի դէմ ու կը կարդայ, ինչ որ կը մտածեմ ակամայ: Օ՜, այսպիսի դաժան հաւանականութեան մը մասին չէի մտածած բնաւ:
Աղէտ մը:
Կրնա՞մ մտածումներուս կեղծ հագուստ հագցնել դիմացինս խաբելու համար: Չեմ կրնար: Դիմացինիս գործիքը այնքան խորաթափանց է, որ ան մտածումիս ամէնէն կեղծ ու հաստ հագուստներն անգամ պիտի ծակէ ու պիտի անցնի, որպէսզի տեսնէ, թէ ինչպիսի իրական մտածում մը կը թաքցնեմ անոնց տակ: Կրնա՞մ մտածումս յանկարծ ջնջել մտքիս մէջէն, որպէսզի դիմացինս չկարենայ կարդալ զայն: Չեմ կրնար: Որովհետեւ մտածումներս ինծի երբեք չեն հնազանդիր, ինձմէ հրահանգ չեն ընդունիր, իմ կամքիս համաձայն չէ, որ կ՛ընթանան ու կը զբաղեցնեն ուղեղս:
Հիմա կարգը եկաւ զարմանալու, թէ ի՞նչ հրաշք է, որ աշխարհի գիտնականները մինչեւ այսօր չեն կրցած ստեղծել այսպիսի չարաշուք գործիք մը: Հազարաւոր տարիներէ ի վեր երկրագունդի բոլոր դաժան ոստիկաններն ու հաւատաքննիչները ինչե՜ր ու ինչե՛ր չեն ըներ կասկածելի նկատուած մարդոց մտածումները կարդալու համար. իրենց դիմաց բերուած անմեղ կամ մեղաւոր մարդոց մտածումի ինքնութիւնը տեսնելու համար: Հազարաւոր տարիներէ ի վեր ինչ տանջանքներ կը գործադրուին, որպէսզի մեղաւոր նկատուած մարդը խոստովանի այն, ինչ որ ոստիկանապետը կամ հաւատաքննիչը պիտի ուզէր, որ խոստովանի: Ո՛վ գիտէ` հաւատաքննիչներու դասակարգը որքան պիտի երջանկանար, եթէ մտածումները կարդացող գործիք մը ստեղծուած ըլլար: Որքա՛ն դիւրացած պիտի ըլլար անոնց գործը: Անոնք պիտի փրկուէին դիմացինին վրայ տանջանքներ ու չարչարանքներ գործադրելու անհաճոյ պարտականութենէն, վերջապէս անոնք ալ մարդ էին, անոնք ալ քիչ մը խիղճ ունէին. այնքան սիրով չէր, որ դիմացինը խօսեցնելու համար կը ծեծէին զայն, կը ճզմէին անոր ակռաները, կը մտրակէին անոր կռնակը, կը կտրէին անոր մատները, ելեկտրական թել կը դպցնէին անոր մորթին: Վերջացաւ: Այլեւս պէտք չունին դիմացինը տանջելու, ինչ որ կերպով մը դիմացինին համար ալ օգտակար է, քանի որ այդ խեղճը տանջանքի չ՛ենթարկուիր այլեւս: Եւ հաւատաքննիչները հպարտօրէն իրենց կուրծքին վրայ կը սեղմեն մտածում կարդացող գործիքը. հոգ չէ թէ այդ հաւատաքննիչները չեն մտածեր, որ իրենք ալ օր մը կրնան նստիլ ամբաստանեալի աթոռին վրայ ու ենթարկուիլ ուրիշ հաւատաքննիչի մը բռնած գործիքի խուզարկումին:
Պէտք չէ միայն զարմանալ, որ մինչեւ այսօր այսպիսի գործիք մը չէ ստեղծուած, այլ պէտք է նաեւ փառք տալ, որ ստեղծուած չէ: Եւ վստահաբար երբեք ալ պիտի չստեղծուի այդպիսի գործիք մը: Ասիկա բարեբախտութիւն է, որովհետեւ աշխարհ իրական քաոսի մը կը վերածուէր, ու ամբողջ երկրագունդը մարդոց համար ռազմադաշտ կը դառնար, եթէ մարդիկ կարենային տեսնել դիմացինին մտածումները: Անգամ մը գրած էի. ես կրնամ տեսնել դիմացինիս աչքերը, դիմացինիս քիթն ու բերանը, դիմացինիս ամբողջ մարմինը, բայց չեմ տեսներ անոր մտածումները: Մտածումը անտեսանելի է: Անտեսանելի է եւ տեսանելի կը դառնայ այն ատեն միայն, երբ մտածողը զայն գիրի կը վերածէ, կամ խօսքի կը վերածէ: Եւ կարելի չէ սպասել, որ մտածողը գիրի կամ խօսքի վերածէ իր բոլոր մտածումները: Մարդոց միջեւ ամէն ճշմարտախօսութիւն կամ անկեղծութիւն, ամէն մտերմիկութիւն ու անմիջականութիւն ունի իր սահմանագիծը, ուրկէ անդին անցնիլ կարելի չէ: Ես կրնամ մտածել, որ դիմացինս ապուշ մըն է, բայց ինծի կը պահեմ այս մտածումը: Ես կրնամ մտածել, որ դիմացինս աւազակ մըն է, բայց ոչ մէկը կրնայ զիս ստիպել, որ հրապարակեմ այդ մտածումս: Շատ պարզ բան է թէեւ, բայց պէտք է հաստատենք ուրախութեամբ, որ Մայր Բնութիւնը հրաշալի գործ տեսած է` անտեսանելի դարձնելով մեր մտածումները:
Ճիշդ է, մտածումին անտեսանելիութեան շնորհիւ է, որ մարդիկ կրնան կեղծաւոր ըլլալ, կրնան խաբել մէկզմէկ, կրնան ստել իրարու, կրնան խնդալ իրարու քթին, բայց, ատիկա տուրք մըն է, որ կը վճարենք, որպէսզի մեր մտածումները պահենք մեզի, եւ որպէսզի չխանգարուինք ուրիշներու մտածումներէն:

