ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԱՅՍՕՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

Մինսքի խմբակին համանախագահները

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռոպըրթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ), Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա) եւ Իկոր Փոփով (Ռուսիա) Պաքուէն մեկնած են Երեւան:

Պեռնար Ֆասիէ Պաքուի միջազգային օդակայանին մէջ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մասին մանրամասնութիւններ չէ ներկայացուցած` յայտնելով, որ շրջանային այցելութիւնը առայժմ աւարտած չէ: Ան նշած է, որ այցելութիւններէն ետք իրենք միացեալ յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակեն:

Ամերիկացի համանախագահ Ռոպըրթ Պրատքէ ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման կողմնակից են, ըսած է. «Միացեալ Նահանգներ այդ ուղղութեամբ ջանքեր գործադրած են»:

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը շաբաթ օր հաղորդեց, որ Պրատքէ Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ կը մնան տագնապի շուրջ խաղաղ համաձայնագիրի ձեռքբերման:

«Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն զրոյցներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ` անոնց կոչ ուղղելով վաւերացնելու ղարաբաղեան տագնապի լուծման խաղաղ համաձայնագիրի հիմնարար սկզբունքները», ըսած է ան:

Ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ իր կարգին յայտնած է. «Մենք կը գտնուինք մեր առաքելութեան միջնամասին մէջ, որ սկսած էր անցեալ շաբաթ: Երկուշաբթի մենք հանդիպում ունեցած էինք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, ատկէ ետք Վիլնիուսի մէջ հանդիպում ունեցած ենք ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Աուտրոնիուս Աժուպալիսի հետ, իսկ Պաքուի մէջ բանակցութիւններ վարեցինք ազրպէյճանցի պաշտօնատարներու հետ, այսօր Երեւան պիտի ըլլանք, երկուշաբթի պիտի հանդիպինք Հայաստանի նախագահին հետ եւ պիտի աւարտենք մեր առաքելութիւնը»:

Share this Article
CATEGORIES