ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԵՆ. ՔՈՆԿՐԵՍԸ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՀՐԱՒԷՐԸ

Շաբաթ օր Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ պաշտօնապէս կը հաստատէ իշխող համաձայնական կառավարութեան քաղաքական ուժերուն կողմէ ձեւաւորուած աշխատանքային խմբակի` ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի համապատասխան յանձնախումբին հետ քննարկումներու սկսելու պատրաստակամութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահին յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Քաղաքական համաձայնական դաշինքին անունով լիազօրուած եմ յայտարարելու, որ համաձայնական կառավարութեան կուսակցութիւններուն կողմէ ձեւաւորուած աշխատանքային խումբը` Դաւիթ Յարութիւնեանի (Հանրապետական կուսակցութիւն), Գագիկ Մինասեանի (Հանրապետական կուսակցութիւն), Նայիրա Զոհրաբեանի (Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն), Վարդան Բոստանջեանի (Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն), Մհեր Շահգելդեանի (Օրինաց երկիր) եւ Խաչիկ Յարութիւնեանի (Օրինաց երկիր) մասնակցութեամբ, պատրաստ է սկսելու քննարկումներու շարքը Հայ ազգային քոնկրեսի համապատասխան յանձնախումբին հետ: Աշխատանքային խումբին անդամները կը հրաւիրեն Հայ ազգային քոնկրեսը ներկայացնող իրենց գործընկերները 18 յուլիսի ժամը 16:00-ին Հանրային խորհուրդի փոքր նիստերու սրահ` առաջին հանդիպումին համար»:

Երէկ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսը հրապարակեց 8 կէտերէ բաղկացած յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մասնաւորաբար կը նշուի. «Նկատի ունենալով համաձայնական կառավարութեան կուսակցութիւններուն կողմէ մեզի կատարուած առաջարկը եւ ենթադրելով, որ անոնք մեզի ընելիք ունին (քանի որ իրենք հանդէս եկած են սոյն նախաձեռնութեամբ), մենք դէմ չենք 18 յուլիսին հանդիպելու անոնց հետ եւ ամենայն յարգանքով լսելու զանոնք, թէեւ կարելի էր հանդիպման համար չէզոք վայր ընտրել: Աւելի՛ն. մենք պատրաստ ենք նաեւ հետագային պահպանելու համաձայնական կառավարութեան կուսակցութեանց հետ հանդիպումներու ձեւաչափը` իբրեւ քոնկրես – իշխանութիւն բանակցութիւններու հիմնական ձեւաչափին զուգահեռ եւ օժանդակ հոլովոյթ»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES