ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ ՄԱՀԱՑԱԾ ԵՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐ
15 յուլիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինուորական ծառայող Խաչատուր Թադեւոսեան մարտական յենակէտին մէջ խախտած է զէնքի հետ վարուելու կանոնները` գնդացիրով կրակած եւ անզգուշութեամբ մահ պատճառած է համածառայող Կոլիա Մեսրոպեանին:
Փաստին առիթով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան ութերորդ կայազօրային քննչական բաժինին մէջ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 373-րդ յօդուածի երրորդ մասով յարուցուած է քրէական գործ եւ կը կատարուի նախաքննութիւն:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի տեղեկութիւններով` նոյն օրը, չպարզուած հանգամանքներու մէջ զոհուած է N զօրամասի զինուորական ծառայող Անտրէյ Յարութիւնեան: Դէպքին մանրամասնութիւնները կը ճշդուին:
CATEGORIES Հայկական

