ՄԵԾ ԹԻՒՈՎ ՍԷՈՒՏՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐ Կ՛ԱՅՑԵԼԵՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

Սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, այս տարի մեծ թիւով սէուտցիներ կ՛այցելեն Լիբանան:

Այս ծիրին մէջ «Ռիատ» նշեց, որ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը դէպի Ռիատ, Ժետտա եւ Տամմամ օրական 8-էն 10 թռիչք ունի, բացի սէուտական օդանաւային ընկերութեան կատարած թռիչքներէն:

Նոյն օրաթերթը յայտնեց նաեւ, որ մեծ թիւով սէուտցիներ կը պատրաստուին Ռամատանը անցընելու Լիբանանի մէջ:

Ըստ «Ռիատ»ի, Լիբանանի մէջ մեծ թիւով սէուտցի զբօսաշրջիկներու գոյութեան պատճառով, Պէյրութի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը իր դռները 24 ժամ բաց կը պահէ` պատրաստ ըլլալու ոեւէ քաղաքացիի օժանդակութեան համար:

Պէտք է նշել նաեւ, որ դեսպանատունը հրատարակած է նաեւ գրքոյկ մը, որ օգտակար կ՛ըլլայ Լիբանան այցելող սէուտցի զբօսաշրջիկներուն, եւ զայն կը ցրուէ օդակայանին մէջ:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ սէուտցի դեսպան Ալի Ասիրի յայտնեց, որ Լիբանան այցելող սէուտցի զբօսաշրջիկները իրենց արձակուրդը առաւելագոյն հանդարտութեամբ կ՛անցընեն` աւելցնելով, որ սէուտական դեսպանատունը միշտ զգաստ է հասնելու իր քաղաքացիներուն օժանդակութեան եւ կարիքներուն:

Share this Article
CATEGORIES