ԺՈՄՊԼԱԹ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ԱՐՍԼԱՆԸ
Ընկերվար Յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ անցեալ շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած հարցերէն տեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին, որ հանդիպումին տիրած է դրական մթնոլորտ եւ հարցերը կ՛ուղղուին դէպի լուծում:
Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ Ժոմպլաթ եւ Արսլան շեշտած են պետական նշանակումները կատարելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ այդ նշանակումներուն թղթածրարը կը գտնուի հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին մօտ:
CATEGORIES Լիբանանեան