«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԲՈՂՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ» ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԻՏԻ
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կը մնայ ամբողջ երկրին կառավարութիւնը, հակառակ այն իրողութեան, որ ան կազմուած է քաղաքական նոյն ուղեգիծը ունեցող ուժերուն կողմէ:
Արիտի Այն Տարայի մէջ Քամալ Ժոմպլաթի անուան զբօսայգիի բացման առիթով կոչ ուղղեց ամենայն հաւատարմութեամբ եւ լրջութեամբ գործելու կառավարութեան եւ վարչապետին հետ, որպէսզի կառավարութիւնը կարենայ իր պարտականութիւնները կատարել ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
CATEGORIES Լիբանանեան