ՔԱՐԱՄԷ ԱՒԱՐՏԵՑ ՏԸՆՆԻԷ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Քարամէ կը շրջագայի Տըննիէի մէջ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ երէկ աւարտեց Տըննիէի տարբեր շրջանները կատարած իր այցելութիւնը:

Քարամէ շեշտեց, որ Լիբանան առաջ ունէր միայն մէկ թշնամի, որ Իսրայէլն էր, սակայն այսօրուան դրութեամբ ան ունի երկու թշնամիներ, որոնք Իսրայէլն ու Լիբանանի դէմ նախապատրաստուած սադրանքներն են:

Քարամէ հաստատեց, որ միջիսլամական թէ իսլամ-քրիստոնեայ որեւէ սադրանք դէպի դժոխք առաջնորդող քայլ մըն է:

Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց Լիբանանի բնական հարստութիւնները պահպանելու առումով պահպանելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը` աւելցնելով, որ Իսրայէլ այդ առումով մնայուն կերպով իր ախորժակները սրած կը պահէ:

Քարամէ ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը դիւանագիտական իր բոլոր յարաբերութիւնները առկայ պիտի պահէ` պաշտպանելու համար Լիբանանի իրաւունքները, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը, լիբանանցիներն ու Դիմադրութիւնը պատրաստ են պաշտպանելու իրենց իրաւունքները:

Ֆայսալ Քարամէ մերժեց պատասխանել Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետեւորդներու յայտարարութիւններուն` նշելով, որ «մեր եւ աւազակախումբերուն միջեւ բանավէճ չկայ, այլ` կան դատական իշխանութիւններ եւ նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի թափած արիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES