ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Նշեցին Խաղաղութեան Միջազգային Օրուան Տօնը

20140922intldayofpeace_04Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը երէկ Նաքուրայի իրենց կեդրոնատեղիին մէջ, նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանէ Փորթոլանոյի, նշեցին խաղաղութեան միջազգային օրուան տօնը:

Զօր. Փորթոլանօ հաստատեց, որ խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը ընկերային բարգաւաճման եւ զարգացումին հիմերը կը հանդիսանան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

«Մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք, որ Լիբանան դէպի պատերազմ չուղղուի, եւ այս առիթով կ՛ողջունեմ լիբանանեան բանակն ու անոր հերոսները, որոնք նահատակուեցան ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES