Պաալպեքի Մէջ Արձանագրուած Է 40 Թունաւորումի Պարագայ, Իսկ Առողջապահութեան Նախարարին Հրահանգով Ճաշարան Մը Փակուած Է

Ուաէլ Ապու Ֆաուր
Պաալպեքի մէջ արձանագրուած է 40 թունաւորումի պարագայ` ճաշարանի մը հրամցուցած նեխած կերակուրներուն պատճառով:
40 պարագաները փոխադրուած են շրջանի հիւանդանոցներէն մէկը, եւ բազմաթիւ քննութիւններէ ետք ի յայտ եկած է, որ անոնք նոյն ճաշարանին մէջ թունաւորուած են:
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի որոշումով երէկ փակուեցաւ խնդրոյ առարկայ ճաշարանը:
Ապու Ֆաուր շրջաբերական մը յղեց նաեւ բոլոր հիւանդանոցներուն` զինք տեղեակ պահելու համար նման պարագաներու մասին, որպէսզի անհրաժեշտ քայլերու դիմեն:
CATEGORIES Լիբանանեան

