Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարը այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ Լիբանանի եւ շրջանային ապահովական եւ քաղաքական իրադարձութիւններուն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ
Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Քապ Էլիասի մէջ գտաւ պայուսակ մը, որուն ականուած ըլլալուն մասին կասկածներ կային: Սակայն բանակի սակրաւորներուն կողմէ կատարուած քննութիւններէն ետք հաստատուեցաւ, որ պայուսակը ականուած չէր:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ժապհաթ Նուսրա առեւանգուած զինուորները պահած է Արսալի մէջ գտնուող երկյարկանի շէնքի մը մէջ եւ ոչ թէ Արսալի բարձունքներուն վրայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նախկին նախարար Մարուան Խէյրէտտին: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը ներխուժեց հիւսիսային Պեքաայի Պզալիէ, Հարապթա եւ Լապուէ շրջաններուն մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն կեդրոնները եւ ձերբակալեց տասնեակ մը յանցագործներ:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ իրենք համաձայն չեն Լիբանանի մէջ սուրիական գաղթակայաններ հաստատելու առաջարկին:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ֆարաոն ընդգծեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն վերջ տալու իրենց ներքին տարակարծութիւններուն եւ պաշտպանելու երկրին ազատութիւնը, գերիշխանութիւնն ու համերաշխութիւնը:
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ուժեր հիւսիսային Լիբանանի մէջ ձերբակալեցին Ժապալ Մըհսենի ղեկավարներէն Ալի Ահմետ Հոմսին, որ բազմաթիւ բերման գիրերով պահանջուած է:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ֆատի Սուուան լիբանանցի եւ պաղեստինցի չորս յանցագործներ ամբաստանեց ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամակցելու յանցանքով եւ անոնց դէմ մահապատիժի վճիռ արձակեց:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի շեշտեց, որ սուրիական բանակին հետ գործակցութիւնը շատ կարեւոր է` ահաբեկիչները ճնշելու նպատակով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մշակած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու ընթացագիծ մը` աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ յաջողելու համար պէտք է պաշտպանել չափաւորականութիւնը, կառչած մնալ պետութեան, ամրապնդել լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը եւ նեցուկ կանգնիլ բանակին ու ապահովութեան ուժերուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ Լիբանան դժբախտ օրեր կ՛ապրի` առեւանգուած բանակայիններուն հարցով, որովհետեւ լիբանանեան պետութեան հրահանգէն դուրս կը գործէ փոքր այլ պետութիւն մը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին կոչ ուղղեց քաղաքական ինքնավստահ որոշումներով զօրակցելու բանակին, որպէսզի անիկա կարենայ դիմադրել ահաբեկչութեան:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքացիական ընկերութիւնը պէտք է համախոհութեամբ պայքարի ահաբեկչութեան դէմ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի կոչ ուղղեց ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը եւ ամէն իմաստով պայքարելու սադրանքներուն դէմ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերով պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է մտածէ առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու կարելիութիւններուն մասին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու ամսական աշխատավարձի յաւելումներու հարցին լուծումը հասած է իր վերջին հանգրուանին:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի դիմէ Թուրքիոյ, որպէսզի իր միջամտութիւնը բերէ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումին նպատակով:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է սուրիական բանակին եւ Հըզպալլայի հետ համագործակցիլ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան խորհրդարանը կրնայ օրէնսդրական նիստեր գումարել եւ օրէնքներ մշակել:

