Օպամա Կը Հաստատէ, Որ Իր Երկիրը ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Իր Ջանքերը Պիտի Շարունակէ

Պարաք Օպամա
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հաստատեց, որ իր երկիրը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իր ջանքերը պիտի շարունակէ` նշելով, որ յառաջիկայ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստի ընթացքին իր արտասանելիք խօսքին ընթացքին պիտի պահանջէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ աւելի լայն դաշինք մը կազմել:
Օպամա շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմը միայն Միացեալ Նահանգներու պատերազմը չէ, այլեւ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն պատերազմը:
Ան խոստացաւ, որ իր երկիրը ցամաքային ուժեր չուղարկէ, սակայն դեմոկրատական քոնկրեսական Պիլ Նիլսըն նախատեսեց, որ ամերիկեան հետեւակ ուժեր ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ճակատամարտին մէջ ստանձնեն որոշ դերակատարութիւն մը, որ հիմնականին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող ուժերու աջակցութիւն պիտի ըլլայ:
Քոնկրեսականը համոզում յայտնեց, որ իր քաղաքացիներուն ազատ արձակումէն ետք Թուրքիա մաս պիտի կազմէ միջազգային դաշինքին:
«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները զանգուածային մահապատիժներ կատարած են Սուրիոյ քրտական գիւղերուն մէջ: Զինեալները անցեալ շաբաթ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ բազմաթիւ գիւղեր գրաւած էին եւ այժմ հաշուեյարդար կը տեսնեն պատանդներուն հետ:
Քրտական ինքնապաշտպանութեան հրամանատարութիւնը կը յայտնէ, որ զինեալները հաշուեյարդար տեսած են տասնեակ կիներու, երեխաներու եւ ծերերու հետ: Անյայտ է, թէ ճիշդ որքան մարդ կը գտնուի զինեալներուն ձեռքը:
Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, անյայտ կորսուած կը նկատուին 800 քաղաքայիններ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ սուրիացի քիւրտերը յաջողած են Քոպանիի արեւելքը ՏԱՀԵՇ-ի յառաջխաղացքը կասեցնել, սակայն բուռն բախումները կը շարունակուին:
Միւս կողմէ, թրքական «Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները Սուրիայէն փախուստ տուող քիւրտերուն առջեւ փակած են սահմանային անցքերը, երբ սահմանին մօտ Թուրքիոյ քիւրտերուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են: Թուրքիոյ քիւրտերը քիւրտ գաղթականներուն առ ի զօրակցութիւն ցոյց կը կատարէին:

