«Կրօնը Կարելի Չէ Օգտագործել Բռնութիւնը Արդարացնելու Համար» Կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը

Ֆրանչիսկոս պապը
«ՌԻԱ Նովոսթի»` յղում կատարելով ԱՖՓ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը կիրակի օր Ալպանիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ դաւանանքը կարելի չէ օգտագործել բռնութիւնը արդարացնելու համար:
Ան մատնանշած է Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող արիւնահեղութիւնը, որուն մեղաւորը ՏԱՀԵՇ-ն է, որ իսլամութեան ծայրայեղ, արմատական եւ դաժան մեկնաբանութիւն կը քարոզէ:
«Թող ոչ ոք ինքզինք Աստուծոյ «զէնքն ու զրահը» նկատէ` բռնութիւն կամ ճնշում ծրագրելու եւ գործելու ընթացքին: Ոչ ոք կրնայ կրօնը օգտագործել իբրեւ մարդկային արժանապատուութեան եւ հիմնարար իրաւունքներու դէմ գործողութիւններ կատարելու միջոց», ըսած է պապը` Թիրանայի արքայական պալատին մէջ ալպանացի ղեկավարներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ:
77-ամեայ Ֆրանչիսկոս պապը Ալպանիոյ մէջ արժանացած է ջերմ ընդունելութեան: Թիրանայի կեդրոնին մէջ հարիւրաւոր քրիստոնեաներ եւ իսլամներ հաւաքուած են զինք ողջունելու համար:

