Սէուտական Արաբիա-Իրան Հանդիպում` Նիւ Եորքի Մէջ

Զարիֆ եւ Ֆայսալ
«Արապիա» կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ պայքարին մէջ շրջանային ապահովութեան համար գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնած է, որ հանդիպումը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց նոր էջի մը հիմնաքարը դրած է: «Մենք կը գիտակցինք ներկայ ճգնաժամին եւ անոր դիմակայման կարեւորութեան ու նուրբ բնոյթին եւ կը կարծենք, որ յաջողութեամբ անոր դէմ դնելու համար պէտք է խուսափիլ նախկին սխալներէն»:
Նշենք, որ հանդիպումը օգոստոս 2013-ին Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի ընտրութենէն ետք իր տեսակին մէջ առաջինն է:
Զարիֆ նախապէս հանդիպում ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ: Երկու նախարարները քննարկած էին ՏԱՀԵՇ-ի ներկայացուցած վտանգները:

