Քաթալոնիոյ Խորհրդարանը Անկախութեան Հանրաքուէի Համար Իրաւական Հիմք Ստեղծած Է
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Քաթալոնիոյ խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է բնակչութեան հանրաքուէներ կատարելու վերաբերեալ օրէնքին, որ, ըստ ազգայնական ուժերու, իրաւական հիմք կը ստեղծէ Սպանիոյ այդ ինքնավար մարզի գերիշխանութեան մասին 9 նոյեմբերի հանրաքուէին համար:
Ըստ ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ի, օրէնքը որդեգրուած է 106 թեր եւ 28 դէմ քուէներով: Սպանիոյ կառավարութիւնը բազմաթիւ անգամներ զգուշացուցած է, որ օրէնքը կը հակասէ Սպանիոյ սահմանադրութեան եւ պիտի բողոքարկուի Սահմանադրական դատարանին մէջ: Յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ նախարարներու խորհուրդի նիստ, ուր պիտի որոշուի Սահմանադրական դատարան հայց ներկայացնելու հարցը:
Հայցը ընդունուելու պարագային Քաթալոնիոյ խորհրդարանի որդեգրած օրէնքի գործողութիւնը կը կասեցուի, ինչ որ անկարելի կը դարձնէ հանրաքուէի կայացումը: Սակայն Քաթալոնիոյ ազգայնականներուն կարծիքով` Սահմանադրական դատարանի որոշումը չի կրնար սեփական ճակատագիրը որոշելու ժողովուրդի իրաւունքէն վեր ըլլալ:
Քաթալոնիոյ մէջ, ուր Սպանիայէն անկախութեան գաղափարը շատ արդիական է, մշտապէս միլիոնաւոր մարդոց մասնակցութեամբ ցոյցեր տեղի կ՛ունենան յօգուտ անկախութեան:

