Պոզտաղ. «Թուրքիոյ Համար Ժողովրդավարական Սահմանադրութեան Մը Գոյութիւնը Անհրաժեշտ Է»

Պեքիր Պոզտաղ
«Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ համար ժողովրդավարական սահմանադրութեան մը գոյութիւնը անհրաժեշտ է:
Նախարարը նաեւ նշած է, որ անկախ անկէ, որ թրքական գործող սահմանադրութեան մէջ փոփոխութեան ենթարկուած է շուրջ 100 կէտ, երկրին կառավարութիւնը չէ կրցած սահմանադրութիւնը առաւել ժողովրդավարական դարձնել:
Ըստ անոր, ժամանակակից Թուրքիան նոր սահմանադրութեան մը կարիք ունի:
10 օգոստոսին երկրին մէջ նախագահական ընտրութենէն ետք վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման համար նոր սահմանադրութիւն մը անհրաժեշտ է: Ըստ անոր, նոր կառավարութեան նպատակը պիտի ըլլայ ժողովրդավարական սահմանադրութիւն մը ստեղծել:
CATEGORIES Միջազգային

