Մոսկուան Ընկերակցութեան Համաձայնագիրի Հարցով Եւրոպական Միութեան Եւ Ուքրանիոյ Երեք Պահանջ Ներկայացուցած Է

0918_Ulyukayev«Քորրեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիա երեք պահանջ ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան եւ Ուքրանիոյ միջեւ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի վաւերացումէն ետք:

Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման հարցերու նախարար Ալեքսէյ Ուլիաքայեւ այդ պահանջները «Թուիթըր»-ի միջոցով յղած է Եւրոպական Միութեան առեւտրական հարցերու յանձնակատար Քարլ տը Կուխթին:

Ըստ աղբիւրին, Մոսկուա կը պահանջէ համաձայնագիրով նախատեսուած պայմանաւորուածութիւններու իրաւական յետաձգում, համաձայնագիրի դրոյթներու ամբողջական կամ մասնակի իրականացման յետաձգում մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2015 եւ եռակողմ յանձնախումբի աշխատանքի աշխուժացում: Ռուսիան երրորդ կէտի պարագային նաեւ վտանգներ կը տեսնէ:

 

Share this Article
CATEGORIES