Անդրադարձ. Կարմիր Գիծ Ճշդելու Փորձ Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Անդրադառնալով Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ականահարման` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարեց, որ սրբավայրին նկատմամբ այս զարհուրելի բարբարոսութիւնը ցոյց կու տայ Իսլամական պետութեան վայրագ էութիւնը: Այդ արարքը նաեւ ցոյց կու տայ պատուիրատուին էութիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Հայաստան-սփիւռք համահայկական 5-րդ համաժողովին ընթացքին յայտարարեց. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մօտ թուականին Թուրքիոյ դէմ դատ պիտի բանայ` պահանջելով Սիսի կաթողիկոսարանը»: Թուրքիոյ պատասխանը չուշացաւ: Վեհափառ հայրապետին յայտարարութենէն երկու օր ետք ՏԱՀԵՇ պայթեցուց այն եկեղեցին, ուր ամփոփուած են Հայոց ցեղասպանութեան բազմաթիւ նահատակներու մասունքները, իսկ անոր կից թանգարանին մէջ` ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ վաւերագիրներ: Այդ արարքը զուգադիպութիւն մը չէր:
Անհրաժեշտութիւն կա՞յ յիշեցնելու, որ Թուրքիան այն երկիրն է, որուն սահմանէն Սուրիա եւ Իրաք մուտք կը գործեն ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները, անոր զէնքն ու զինամթերքը, ֆինանսաւորումը, ինչպէս նաեւ այդ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ ճամբով է, որ իր աւարած քարիւղը կը վաճառէ եւ օրական միլիոնաւոր տոլարներու շահ կ՛ապահովէ: Իրեն տրամադրուած դիւրութիւններուն դիմաց այդ կազմակերպութիւնը իր կարգին ծառայութիւններ կը մատուցէ Անգարային: Քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերու բանբեր Պուլաթ Ճան վերջերս յայտարարեց, որ Անգարա Թել Ապիատ շրջանին մէջ քիւրտերուն դէմ զինած է ՏԱՀԵՇ-ը: Վերջինս թրքական գաղտնի սպասարկութեան հետ համաձայնութեան մը ծիրին մէջ իր մօտ գտնուող 49 թուրք պատանդները ազատ արձակելէ շուրջ 2 օր ետք մեծ յարձակում մը շղթայազերծեց մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած Այն Արապի դէմ, գրաւեց անոր մերձակայ գիւղերը, անխտիր հաշուեյարդարի ենթարկեց եւ տեղահանեց տեղւոյն բնակչութիւնը: ՏԱՀԵՇ-ի այս արշաւին նպատակը Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ մղձաւանջը եղող քրտական ապագայ ինքնավարութեան մը վտանգին չէզոքացումն է:
Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ ականահարումն ալ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Թուրքիոյ մատուցուած ծառայութիւն մըն է: Անգարա Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին պայթեցնելով կը փորձէ սանձել հայերու «թռիչքը» եւ ճշդել կարմիր գիծ մը, որուն շրջանցումին պիտի հակադարձէ այսպիսով` թրքական պետութեան յարիր ձեւով:

