Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Յունաստանի Դեսպանը

0922_Vehapar_GreeceՇաբաթ, 20 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Պուրան` ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուին:

Դեսպանը Անթիլիաս այցելեց վեհափառ հայրապետին Յունաստան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախօրեակին խորհրդակցելու կարգ մը հարցերու եւ վեհափառ հայրապետին ունենալիք հանդիպումներուն շուրջ:

Ընդառաջելով դեսպանին խնդրանքին, վեհափառ հայրապետը զեկուցեց Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն նուիրուած միջազգային համագումարին մասին, ինչպէս նաեւ իր տեսակէտը արտայայտեց Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան վերաբերեալ:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնեց Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրումին առիթով:

 

Share this Article
CATEGORIES