Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հանդիպի Յունաստանի Վարչապետին Հետ
Երկուշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս Աթէնքի մէջ հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարասին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Երոնիմոս Բ. արքեպիսկոպոսը, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Ազգային իշխանութեան անդամներ եւ վարչապետին խորհրդականները:
Վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սամարասին` հայ ժողովուրդին եւ անոր արդար դատին նեցուկ կանգնելուն համար: Ապա վեհափառ հայրապետը ողջունեց վարչապետը, որ կրցաւ Յունաստանը առաջնորդել դէպի տնտեսական վերականգնում:
Ընդառաջելով վարչապետին փափաքին, վեհափառ հայրապետը զեկուցում մը տուաւ 9-11 սեպտեմբեր 2014-ին Ուաշինկթընի մէջ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն նուիրուած միջազգային համագումարին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ հանդիպումին մասին: Վեհափառ հայրապետը իր տեսակէտները պարզեց Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին ու վերիվայրումներուն մասին, որոնք վարչապետ Սամարասը լիովին բաժնեց:
Հանդիպումին աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց վարչապետ Սամարասը` առ ի գնահատանք հայ ժողովուրդին նկատմամբ ունեցած իր սիրոյն ու յարգանքին: Վարչապետը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին եւ փափաքեցաւ, որ այս կապը շարունակուի:
Նշենք, որ վեհափառ հայրապետը Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի բացակայութեան կարճ հանդիպում մը ունեցաւ նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Անաստասիոս Միցիալիսի հետ:

