«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Զօրավար Ազիզ Ահտապի Պետական Հարուածը. Բախումներ Պանդոկներու Շրջանին Մէջ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Զօրավար Ազիզ Ահտապ
Լիբանանի քաղաքացիական իննամսեայ կռիւներէն ետք, 1976 յունուարի վերջաւորութեան զինադուլ հաստատուած էր, որմէ ետք զինեալ տարրերը առժամաբար քաշուեցան, երկիրը սկսաւ վերադառնալ բնականոն հունին եւ դպրոցները, դրամատուներն ու պետական հաստատութիւնները վերաբացուեցան:
Սակայն փետրուարի վերջաւորութեան մասնակի դէպքեր տեղի ունեցան եւ լիբանանեան բանակէն դասալիք զինուորներ միացան տեղակալ Ահմէտ Խաթիպի արաբական Լիբանանի բանակին: Յաջորդող օրերուն Խաթիպի ուժերը հարաւի մէջ գրաւեցին Առնունի եւ Ռաշայանի բերդերը եւ Նապաթիէի զօրանոցը: Մարտ 10-ին հիւսիսի մէջ` Արամունի եւ հարաւը` Խիամի եւ Մերժայունի զօրանոցները ինկան Խաթիպի ուժերուն ձեռքը: Միաժամանակ Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ ծայր առին առեւանգումներ եւ թաղային բախումներ:
Հինգշաբթի, 11 մարտ 1976-ի առաւօտուն զինեալ տարրերու կողմէ անցարգելներ հաստատուեցան Պէյրութի մուտքերուն եւ յատկապէս Դամասկոս փողոցին կեդրոնը, ուր բազմաթիւ դէպքեր պատահեցան: Կէսօրուան մօտ Ռաս Նապաայի մէջ զինեալ տարրեր կրակ բացին օթոպիւսի մը վրայ: Մթնոլորտը ծանրացաւ եւ Նասրայի մէջ կրակոցներ սկսան: Միաժամանակ Այն Մըրէյսիի մէջ զինեալներ դիրքեր գրաւեցին. Պատարոյի, Այն Ռըմմանէի եւ Զինուորական ատեանի շրջաններուն մէջ բախումներ սկսան եւ առեւանգումներ կատարուեցան:
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին փաղանգաւորներ գրաւեցին Հոլիտէյ Ին պանդոկը, իսկ Մարթինէզ պանդոկին առջեւ բազմաթիւ զինեալներ նոր դիրքեր գրաւեցին:
Աւելի ուշ, երեկոյեան ժամը 8:45-ին լիբանանեան պատկերասփիւռի պաստառէն երեւցաւ Պէյրութի զինուորական հրամանատար զօրավար Ազիզ Ահտապ: Ան յայտարարեց, որ կացութեան վատթարացումին առջեւ ու երկրին թէ ժողովուրդին միութիւնը պահպանելու համար ստանձնած է իշխանութիւնը, հաւանութեամբը համակարծիք սպաներու:
Զօրավար Ահտապ նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէէն պահանջեց հետեւիլ օրինակին նախկին նախագահ Պշարա Խուրիի, որ 1952-ին հրաժարեցաւ ժողովրդային ճնշումի տակ, եւ ներկայացնէ իր հրաժարականը, յայտնելով, որ այլապէս կը համարուի պաշտօնազրկուած:
Միւս կողմէ, զօրավար Ահտապ պահանջեց կառավարութեան հրաժարումը 24 ժամէն եւ ստիպողական վիճակ հռչակեց երկրին ու կրակմար` Պէյրութի մէջ, ցնոր տնօրինութիւն: Ան նաեւ յայտարարեց, որ երեսփոխանական ժողովը պէտք է հաւաքուի մինչեւ եօթը օր եւ ընտրէ նոր նախագահը, որուն խոստացաւ յանձնել իշխանութիւնը:
Մինչ այս յայտարարութիւնը կը կարդացուէր պատկերասփիւռէն, ձայնասփիւռը կը շարունակէր իր սովորական յայտագիրը: Մէկ ժամ ետք միայն, ձայնասփիւռը եւս մտաւ հոսանքին մէջ եւ սկսաւ հաղորդել զինուորական զեկոյցները: Ուշացումին պատճառը այն էր որ ձայնասփիւռի կայանի պահակ զինուորները, տեղեակ պահուած չըլլալով որոշումներուն, ընդդիմացան զօրավար Ազիզ Ահտապի ուժերուն, կարծելով որ անոնք Ահմէտ Խաթիպի ապստամբ բանակին կը պատկանին:
Զինուորական յեղաշրջումի ծանուցումէն ետք պատկերասփիւռէն եւ ձայնասփիւռէն զինուորական մը կարդաց համակրանքի եւ աջակցութեան հեռագիրներ, որոնք ղրկուած էին զանազան գումարտակներու սպաներուն եւ լիբանանեան գիւղերու, ինչպէս նաեւ Պէյրութի զանազան թաղերու բնակիչներուն կողմէ:
Մինչ ապշահար լիբանանցիք կը փորձէին ընտելանալ նոր ոճով կատարուած յեղաշրջումին, Պաապտայի հանրապետական ապարանքի զինուորական կցորդը յայտարարեց, թէ նախագահութիւնը անջատողական կը նկատէ Ահտապի շարժումը եւ կը շարունակէ պահել իր սահմանադրական օրինականութիւնը: Այնուհետեւ սկսաւ ձայնասփիւռային անօրինակ պատերազմ մը: Նախագահ Ֆրենժիէի օրինապահները ձայնասփիւռային սովորական ալիքէն կը դարձնէին Էյթոյի կարճ ալիքի ռատիոկայանը ու ժողովուրդը կը հրաւիրէին մնալու օրինապահ` սահմանադրական կարգերուն:
Զօրավար Ազիզ Ահտապի կողմէ յայտարարուած պետական հարուածին լուրը ռումբի մը ազդեցութիւնը գործեց Լիբանանի մէջ, եւ կրակոցներ ու պայթումներ լսուեցան ամէն կողմ, մասնաւորաբար Պէյրութի արեւմտեան շրջաններուն, Աքքարի, Թրիփոլիի, Սուրի եւ Պեքաայի մէջ:
Մէկուկէս ժամ տեւող հրացանաձգութիւնները մեղմացան կէս գիշերին, բայց ուրիշ տեսարաններ պարզուեցան ամէն կողմէ: Զինեալ տարրեր, միլիսներ եւ քոմանտոներ փողոց իջան եւ աւելի մտահոգեցին քաղաքացիները:
Կէս գիշերէն ետք, զօրավար Ահտապ հաստատեց ստիպողական վիճակը եւ շրջագայութեան արգելքը Պէյրութի մէջ:
***

Նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէ
Ուրբաթ, 12 մարտին Պէյրութ ուրուական քաղաքի մը երեւոյթը կը պարզէր: Լիբանանցիք կը մնային իրենց տուներուն մէջ փակուած: Շուկաները, պաշտօնական հաստատութիւնները, դրամատուները եւ վարժարանները փակուած էին: Փուռերուն առջեւ խճողումը մեծ էր:
Կէսօրին 48 երեսփոխաններ հաւաքուեցան խորհրդարան, անպաշտօն խորհրդակցութիւն մը ունենալու համար տագնապէն դուրս գալու միջոցներուն շուրջ: Երեկոյեան զօրավար Ահտապ պաշտօնանկ հռչակեց նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէն:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ, քաղաքական անձնաւորութիւններ ջանացին միջոց մը գտնել սահմանադրական եղանակով եւ օրինապահութեան ճամբով ձեռք բերել Ֆրենժիէի հրաժարումը, մինչ զօրավար Ահտապ, նախագահին հրաժարումը իրագործելու համար սպառնաց զինուորական միջոցներու դիմել:
Լիբանանցիք, իրենց տուներէն ներս փակուած, հրացանաձգութիւններու եւ պայթումներու խուլ աղմուկին մէջ, շուարած կ՛ապրէին աննախընթաց տագնապը, հետեւելով ձայնասփիւռի հինգ կայաններու զիրար հակասող լուրերուն եւ պատկերասփիւռի երկու կայաններու հաղորդումներուն, որոնցմէ մէկը կը խօսէր զինուորական շարժումին անունով, միւսը` նախագահական պալատին:
Նախագահ Ֆրենժիէ անդրդուելի կը մնար չհրաժարելու իր կեցուածքին վրայ, յայտնելով, որ եթէ յանցաւոր է, խորհրդարանը պէտք է ատեան կազմելով դատէ զինք: Իսկ եթէ յանցաւոր չէ, կը մերժէ նկատի ունենալ հրաժարելու կոչերը:
Իր կարգին Քամիլ Շամուն վստահեցուց որ Ֆրենժիէ պիտի չհրաժարի. «Աշխարհի վրայ չկայ ուժ մը, որ նախագահին պարտադրէ հրաժարիլ», ըսաւ ան:
***
Ուրբաթ, 12 մարտէն շաբաթ, 13 մարտ լուսցող գիշերուան ընթացքին ստեղծուած մթնոլորտը անդառնալիօրէն ծանրացաւ: Գիշերուան պայթումներէն եւ զանազան զօրանոցներու վրայ կատարուած յարձակումներէն ետք, 13 մարտի առաւօտուն արձակազէնները գործի լծուած էին ամէն կողմ, իսկ զինեալները մտած էին հոն, ուր կը գտնուէին 24 յունուար 1976-էն առաջ:
Սարսափի մթնոլորտ կը տիրէր ամէն կողմ եւ խուճապը աննկարագրելի էր, երբ արձակազէններու կողմէ անմեղներ գետին կ՛իյնային կամ անոնց արձակած փամփուշտները ռումբի մը ազդեցութիւնը կը գործէին:
Իր կարգին, գնդապետ Անթուան Պարաքաթ բանակէն ներս նոր շարժում մը գլխաւորեց: Արդարեւ, Լեռնալիբանանի փոխ հրամանատար գնդապետ Պարաքաթ շաբաթ, 13 մարտին գրաւեց Ֆայատիէի զօրանոցը, յայտարարելով, որ զօրավիգ կը կանգնի նախագահ Ֆրենժիէի:
Պարաքաթի շարժումին հաւատարմութիւն յայտնեցին ծովուժի Քասլիքի խարիսխը եւ Սարպայի զօրանոցը: Ֆայատիէի զօրանոցը հրասայլային ու հրետանիի ուժերու կեդրոնն էր եւ զէնքերու ու զինամթերքի մեծ պահեստ ունէր, ինչպէս նաեւ հակօդային հրթիռներու կարեւոր մթերք, իսկ Սարպայի զօրանոցը կը հաշուէր երեք հազար սպայ եւ զինուոր, մինչ Քասլիքի խարիսխը կը հաշուէր զինուորական ինը միաւոր:
Արեւելեան շրջաններուն մէջ ըմբոստ կամ օրինապահ զինուորներ չէին երեւեր, բայց արեւմտեան թաղերուն մէջ տեղակալ Ահմէտ Խաթիպի զինուորները կը շրջագայէին ամէն կողմ, իրենց կողքին ունենալով մուրապիթուն եւ յառաջդիմական միլիսներ:
Պանդոկներու շրջանին մէջ մուրապիթուններ կը պահէին Մարթինէզ, Ֆենիսիա, Էքսելսիոր եւ Սէն Ժորժ պանդոկները եւ Մըր աշտարակը: Քանթարի, Սփիրզ, Քլեմանսօ, Ժոմպլաթ, Տիք, Այն Մըրէյսի եւ Ֆենիսիա փողոցները յառաջդիմականներու եւ մուրապիթուններու հակակշիռին տակ էին:
Միւս կողմէ, Սերայը, Ռիատ Սոլհի եւ Զոքաք Պլաթի շրջանները յանձնուած էին Ահմէտ Խաթիպի զինուորներուն:
Փաղանգաւորները կը գտնուէին Հոլիտէյ Ին, Հելթըն, Պիպլոս եւ Նորմանտի պանդոկներուն մէջ եւ կ՛իշխէին Սթարքոյի շրջանէն մինչեւ Պապ Իտրիս եւ Հաուզ Սաաթիէ:
***
Երեքշաբթի, մարտ 16-ին, պանդոկներու շրջանին մէջ բախումները սաստկացան: Խաթիպի զինուորները հասան Հոլիտէյ Ինի դիմացը գտնուող ոստիկանատունը, բայց փաղանգաւորներուն հետ բուռն բախումներէ ետք քաշուեցան: Մարտ 18-ին փաղանգաւորներ շրջանի արեւելեան կողմի բարձր շէնքերուն վրայ դիրքեր գրաւեցին:
Կիրակի, 21 մարտին մուրապիթուն, յառաջդիմական, համայնավար եւ ղովմի միլիսներ գրաւեցին Հոլիտէյ Ինը եւ իրենց հակակշիռին տակ առին Այն Մըրէյսին եւ Ժորժ Փիքօ պողոտան:
Գրաւումէն եօթը ժամ ետք պանդոկներու շրջանը բռնկեցաւ: Փաղանգաւորներ մարտ 22-ին յաջողեցան վերագրաւել Սթարքոն եւ Հոլիտէյ Ինը եւ ձեռք ձգեցին նաեւ Ֆենիսիա պանդոկը:
Երեքշաբթի, մարտ 23-ին մուրապիթուն եւ յառաջդիմական միլիսները Հոլիտէյ Ին պանդոկին հակակշիռը վերստին ձեռք ձգեցին եւ յառաջացան դէպի արեւելք: Սթարքօ կը մնար փաղանգաւորներու գիծին վերջին դիրքը:
***

Պէյրութի կեդրոնական գօտին 1976 մարտին
Պէյրութի եւ յատկապէս պանդոկներու շրջանին մէջ զինուորական գործողութիւններու սաստկացման պայմաններուն տակ «Ազդակ» 24 մարտ 1976-ի թիւով եւ «Ո՞ւր կ՛երթայ Լիբանան» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.
«Երկրորդ օրը ըլլալով Պէյրութ ականատես կ՛ըլլայ անդուլ եւ մահասփիւռ կռիւներու, մանաւանդ արդիական պանդոկներու շրջանին մէջ, ուր հրթիռներն ու ռումբերը կ՛իյնան հոս ու հոն, իրենց ետին ձգելով աւեր ու յաւելեալ զոհեր:
Արդեօք յոյս մը մնացա՞ծ է ներկայ տագնապի լուծման: Ինչո՞ւ ոչ. չկայ տագնապ մը, որ իր լուծումը չգտնէ: Պահանջուածը` այդ լուծումին փնտռտուքն է:
Այս գծով շահեկան է յայտարարութիւնը Լիբանանի մօտ յորդանանեան դեսպան Ուալիտ Սալահի, որ իր երկիրը վերադարձաւ` լիբանանեան վերջին իրադարձութիւններուն մասին զեկուցելու համար: Սալահ կ՛ըսէ թէ «լիբանանեան կացութիւնը չափազանց վտանգաւոր է, այն աստիճան` որ իւրաքանչիւր ձգձգում եւ ուշացում դուռը լայն կը բանայ կացութեան շահագործումին առջեւ, իսրայէլեան -կայսերապաշտական ընդհանուր դաւադրութիւն մը իրականացնելու նպատակով, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Յորդանանի վրայ յարձակում մը գործելու համար: Նման յարձակում մը կրնայ շատ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ»: Այս մեկնակէտով, Սալահ կոչ ուղղեց արաբական բոլոր երկիրներուն, որ զօրավիգ կանգնին սուրիական միջնորդութեան եւ տէր դառնան կացութեան: Իր այս ընդգծումին մէջ յորդանանեան դեսպանը իրաւացի է, որովհետեւ իրականութեան մէջ ո՛չ ոք կացութեան տէրն է Լիբանանի մէջ:
Վերջին լուրերու համաձայն, ի վնաս փաղանգաւորներու զինուորական որոշ յառաջխաղացք արձանագրելէ ետք պանդոկներու շրջանին մէջ, յառաջդիմական ուժերը սկսած են մեծապէս կարծրացնել իրենց դիրքն ու պահանջները: Ձախակողմեան բանբեր մը մինչեւ իսկ յայտարարեց որ Սուրիոյ առաջարկած եւ ջուրերը իրենց բնական հունին վերադարձնելու միտող ծրագիրը ապարդիւն է, որովհետեւ ատիկա չ՛երաշխաւորեր Լիբանանի վերականգնման ու արդիականացման համար անհրաժեշտ նկատուող փոփոխութիւնները: Ինչպէս ծանօթ է, սուրիական ծրագիրը կ՛առաջարկէ` սահմանադրութիւնը փոխել, որպէսզի կարելի ըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահին ընտրութիւնը` անոր պաշտօնավարութեան օրինական աւարտէն վեց ամիս առաջ, եւ ներում շնորհել ըմբոստ եւ դասալիք զինուորներուն:
Նախարարաց խորհուրդը, առջի օրուան իր արտակարգ նիստին, արդէն իսկ որդեգրեց այս զոյգ առաջարկները եւ զանոնք յղեց խորհրդարան, որպէսզի այս վերջինին հինգշաբթի օրուան նիստին վաւերացուին: Սակայն Քամալ Ժոմպլաթ ուժգնօրէն ընդդիմացաւ այս քայլին եւ յայտարարեց թէ ձախը կառչած կը մնայ նախագահ Ֆրենժիէի շտապ ու առանց պայմանի հրաժարում պահանջող երեսփոխանական դիմումնագրին:
Խորքին մէջ ձախակողմեան ղեկավարները կը վախնան որ ընտրուի հանրապետութեան նոր նախագահ մը, որ ամբողջովին որդեգրէ Դամասկոսի վարքագիծը: Նոյն այս մտավախութիւնը ճեղքեր կ՛առաջացնէ Պաղեստինեան դիմադրութեան շարքերուն մէջ: Պաղեստինի Ազատագրութեան ժողովրդավարական ճակատը պաշտօնապէս պահանջեց Սահիքայի վտարումը ՊԱԿ-էն, ինչպէս եւ Սուրիոյ հետ կնքուած զինուորական ու քաղաքական միութեան խախտումը, որովհետեւ Սուրիա սկսաւ կողմնորոշուիլ ի նպաստ լիբանանցի յետադիմականներուն:
Իրերու այս խառնակ դրութեան մէջ, երբ դէպքերու հոլովոյթը ո՛չ սկիզբ եւ ոչ ալ ելք ունի, դիտողները կը խորհին, որ տագնապին միակ լուծումը կը հանդիսանայ սուրիական զինուորական միջամտութիւնը` Միացեալ Նահանգներու հաւանութեամբ: Այս հաւանականութեան ակնարկող յայտարարութիւններ կատարեցին Պաապտայի պալատին մօտիկ շրջանակներ, որոնց համաձայն յառաջիկայ ժամերուն ծանրակշիռ դէպքեր կրնան պատահիլ Լիբանանի մէջ:
Այս բոլորին լոյսին տակ ի՞նչ պատկերով կը ներկայանայ կացութիւնը:
Ամէնէն բուռն կռիւները տեղի կ՛ունենան առեւտրական կեդրոնին մէջ, այսինքն` Սթարքոյէն մինչեւ Պապ Իտրիս, հասնելով նաւահանգիստին մօտերը: Ձախակողմեան ուժերը ըստ երեւոյթին կը փորձեն հակակշռել նաւահանգիստին արեւելեան մուտքերը: Առեւտրական կեդրոնին մէջ տեսանելի են մէկէ աւելի հրդեհներ: Ծուխը պատած է երկինքը` մայրաքաղաքին եւ արուարձաններուն վրայ: Կռիւները կը շարունակուին մանաւանդ Հիւսիսային Մեթնի մէջ, ուր կ՛իմացուի թէ աջակողմեան ուժեր պաշարած են ձախակողմեան կեդրոնացումները: Երէկ գիշեր Ժոմպլաթ ինք եւս յայտարարեց թէ ձախերը կը փորձեն քակել այդ պաշարումը: Ուստի, կռիւներ կը մղուին Լիբանանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, բացի Պեքաայէն եւ Հարաւէն: Վերջին 24 ժամերու ընթացքին զոհերու մօտաւոր թիւը կ՛անցնի 250-ը, մինչ վիրաւորներուն թիւը կը մօտենայ 600-ի:
Արդ, ո՞ւր կ՛երթայ Լիբանան:
Ժորժ Փոմփիտու դիպուկ խօսք մը ունի. «Եթէ կարելիէն անդին անցնինք, ոչ մէկ սահման կը մնայ»: Արդեօք այսօրուան Լիբանանի մէջ կարելիէն բան մը մնացա՞ծ է:
Որոշ է մէկ բան. զինադուլի յանկերգը վերստին կը լսուի: Կը խօսուի կռիւները դադրեցնելու եւ քաղաքական լուծում մը գտնելու մասին: Սուրիացի բանագնացները` Խաուլի եւ Մատանի տեսնուեցան իմամ Մուսա Սատրի, միւֆթի Հասան Խալէտի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ, որպէսզի կողմերը համոզեն զինադադարի գաղափարին շուրջ: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է զինադադարը, այնքան ատեն որ Ժոմպլաթ եւ փաղանգաւորները կը գտնուին կռիւներու ճիշդ սիրտին մէջ:
Այսպէս, հրդեհը կը շարունակուի, ինչ որ անկարելի կը դարձնէ թէ՛ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը եւ թէ Հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը… Երեսփոխանները ինչպէ՞ս պիտի հասնին խորհրդարան:
Այսուհանդերձ, հմուտ քաղաքագէտները տակաւին կը զբաղին նոր նախագահի ընտրապայքարով, անտեսելով այն` որ նախագահութիւնը այլեւս չի կրնար հրամցուիլ ոսկեղէն կամ արծաթեայ սպասի մը վրայ, այլ` արիւնի…»:

