50 Տարի Առաջ (24 Սեպտեմբեր 1964)
Թնդանօթի 21 Հարուածներով Եւ Ընդհանուր Խանդավառութեան Մէջ
Նոր Շրջան Մը Կը Բացուի Այսօր Լիբանանի Առջեւ
Նախագահ Հելու Պաշտօնապէս Կը Ստանձնէ Իշխանութիւնը
Երդման Արարողութիւն Խորհրդարանի Մէջ – Փոխանցում`
Աժալթունի Ուէյնի Նախագահ Հելուի Պիտի Ներկայացնէ
Իր Դահլիճին Հրաժարականը
Այսօր, չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր, վերջ կը գտնէ նախագահ Ֆուատ Շեհապի պաշտօնավարութեան շրջանը (սկսած` 1958-ին) եւ կը բացուի նոր շրջան մը` նախագահութեամբ իր յաջորդին` նախագահ Շարլ Հելուի:
Իշխանութիւններու այս փոխանցումը պիտի կատարուի կրկնակ արարողութիւններով:
Առաջինը նոր նախագահի երդումն է, որ պիտի կատարուի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, երեսփոխանական ժողովին առջեւ, ըստ սահմանադրութեան 50-րդ յօդուածին:
Ստորեւ` 50-րդ յօդուածին պատճէնը.
«Իր պաշտօնը ստանձնելէ առաջ հանրապետութեան նախագահը հաւատարմութեան երդում կը կատարէ խորհրդարանին առջեւ` լիբանանեան ազգին եւ սահմանադրութեան` հետեւեալ բառերով.
«Ամենակարող Աստուծոյ առջեւ կ՛ուխտեմ յարգել սահմանադրութիւնը եւ լիբանանեան ժողովուրդին օրէնքները, պահպանել Լիբանանի անկախութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը»:
Երդումէն ետք նախագահ Հելու պիտի արտասանէ ճառ մը Երեսփոխանական ժողովին առջեւ, մինչ թնդանօթի 21 հարուածներ պիտի ծանուցեն անոր իշխանութեան ստանձնումը:
Իշխանութեան Փոխանցումը Աժալթունի Մէջ
Երկրորդ արարողութիւնը իշխանութիւններու փոխանցումն է նախագահ Շեհապի եւ նախագահ Հելուի միջեւ: Տեղի պիտի ունենայ կէսօրին, Աժալթունի մէջ, զօրավար Շեհապի ամառնային ապարանքը: Ներկայ պիտի ըլլան յատկապէս խորհրդարանի նախագահը, վարչապետը եւ բանակի ընդհանուր հրամանատարը:
Ժամը 13:00-ին նախագահ Հելու Զուքի նախագահական ապարանքին մէջ պիտի ընդունի Լիբանանի մէջ պաշտօնավարող դեսպանները` ի ներկայութեան արտաքին գործոց նախարարին:
Իշխանութիւններու փոխանցումէն անմիջապէս ետք վարչապետ Ուէյնի նոր նախագահին պիտի ներկայացնէ իր դահլիճին հրաժարականը, ինչպէս կը պահանջէ աւանդութիւնը:
Այս արարողութիւններուն առիթով ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրատարակեց զեկոյց մը` Պէյրութի եւ մերձակայքի մէջ երթեւեկի կանոնաւորման մասին: Յաղթանակի կամարներ շինուած են այն փողոցներուն մէջ, ուրկէ պիտի անցնի նոր նախագահին թափօրը: Փողոցները նոյնպէս դրօշազարդուած են եւ բազմահարիւր պաստառներ կ՛ողջունեն նախագահ Հելուն:
Դահլիճը Հրաժեշտ Կ՛առնէ
Երէկ` երեքշաբթի, մեծ եռուզեռ կը տիրէր նախագահ Շեհապի Աժալթունի ապարանքին մէջ:
Ժամը 10:00-ին նախագահը ընդունեց վարչապետն ու կառավարութեան անդամները, որոնք եկած էին պաշտօնապէս հրաժեշտ առնելու:
Ուէյնի խօսեցաւ ճառ մը` յանուն իր պաշտօնակիցներուն դրուատելով նախագահը եւ անոր գործը` ի ծառայութիւն Լիբանանի:
Նախագահը պատասխանեց` շնորհակալութիւն յայտնելով դահլիճին, իր թանկագին գործակցութեան համար եւ թելադրեց, որ ամբողջ երկիրը միանայ նոր նախագահին շուրջ, որպէսզի ան կարենայ կատարել իր ծանր պարտականութիւնը:
Կառավարութեան անդամներուն մեկնումէն ետք, նախագահ Շեհապ ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.-ը, որուն կ՛ընկերանային պետական երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան:
Նախագահ Հելու Աժալթունի Մէջ
Ժամը 11:30-ին Աժալթուն հասաւ նախագահ Հելու, որ զօրավար Շեհապի հետ ունեցաւ 90 վայրկեանի տեսակցութիւն մը` այժմէական հարցերու եւ յատկապէս յառաջիկայ դահլիճի կազմութեան մասին:
Զօրավար Շեհապ ապա ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Քամել Ասաատը եւ նախկին նախագահ Սապրի Համատէն:
Կէսօրէ ետք Ասաատ ընդունուեցաւ նախագահ Հելուի կողմէ, որուն պարզեց խորհրդարանական կացութիւնը:
Թնդանօթ Պիտի Արձակուի Սերայէն
Հակառակ երէկ հաղորդուածին` թնդանօթի 21 հարուածները Պուրճի հրապարակէն պիտի չարձակուին, այլ` Սերայի բակէն:
Մօտակայ տուներու բնակիչներուն կը յանձնարարուի թնդանօթի արձակման պահուն բաց ձգել պատուհանները:
Կաթողիկոսին Այցը Նախագահ Շեհապի
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանէն ստացանք 22 սեպտեմբեր թուակիր հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-
Ս. աթոռիս վեհափառ հայրապետը` Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, պետական երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեանի, մեթր Խաչիկ Պապիկեանի, Սուրէն Խանամիրեանի, Անտրէ Թապուրեանի եւ գաւազանակիր Եզնիկ վրդ. Բալայեանի, այսօր 22 սեպտեմբեր 1964, երեքշաբթի, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին շնորհակալական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապին, Աժալթունի նախագահական պալատին մէջ:
Խորէն Ա. կաթողիկոս իր մուտքին եւ ելքին արժանացաւ զինուորական պատիւներու:

