Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր հարցերը հանդարտութեամբ կը դիմակալէք, որուն պատճառով պիտի կարենաք յաջողութիւններ ունենալ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Յոգնած կը զգաք եւ` անտրամադիր. թեթեւ մարզանքներ եւ պտոյտներ օգտակար կ՛ըլլան ձեզի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կարող էք օրինակներ առնել ձեր անցեալէն. սխալները այս ձեւով պիտի կարենաք սրբագրել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գրականութիւնը ձեր լաւագոյն զբաղումն է. գրելը ձեր լաւագոյն արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ: Շարունակեցէք այս ձեւով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր աշխատանոցին մէջ սքանչելի եւ անակնկալ լուրեր կը սպասեն ձեզ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վստահութիւն ունին ձեր վրայ, հաւաքոյթի մը ընթացքին ձեզ պիտի հրաւիրեն խօսելու եւ մասնակցութիւն բերելու. այս բոլորը ձեզի հաճոյք պիտի պատճառեն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Փափաք ունիք յառաջդիմելու եւ ասոր համար ո՛չ մէկ ջանք պիտի խնայէք յաջողելու համար:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շատ զօրաւոր կապեր պիտի ունենաք ձեր շրջապատին մէջ. կացութիւնը ձեր օգտին է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ կասկածիք ձեր տաղանդին վրայ, բազմաշնորհ էք: Կիրարկեցէք ձեր կարողութիւնները:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հետաքրքրուած էք երկրով մը եւ անոր մշակոյթով, լաւ է հետաքրքրուիլ օտար մշակոյթներով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կարողութիւնը ունիք վստահութիւն ներշնչելու մարդոց, որոնք պէտք ունին ձեր օժանդակութեան. յոյս ներշնչելը առաքինութիւն է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ շուտ կը մտերմանաք ձեզի հանդիպող անձերու հետ, թերեւս այսքանը լաւ չէ, չափաւոր եղէք:

