Արամ Ա. Կաթողիկոս Խստօրէն Կը Դատապարտէ Տէր Զօրի Եկեղեցւոյ Ականահարումը
Երկուշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Աթէնք հասնելէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս խոր ցաւով եւ յուզումով իմացաւ Տէր Զօրի եկեղեցւոյ ականահարումը: Վեհափառ հայրապետին հասած տեղեկութեանց համաձայն, ասիկա ծրագրուած ոճիր մըն է Տէր Զօրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած եկեղեցւոյ, անոր կից գտնուող թանգարանին եւ համալիրին ականահարումը ոճրագործ ձեռքերու կողմէ:
Վեհափառ հայրապետը խստիւ դատապարտելէ ետք յիշեալ ոճրային արարքը ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 23-րդ տարեդարձի օրը կատարուած այս ոճիրը մենք կը նկատենք բարբարոսային արարք մը: Այս ոճիրին ետին գտնուող ձեռքերը թող իմանան, որ մեր նահատակներուն յիշատակը եւ յանուն արդարութեան մեր ժողովուրդին պայքարը խորհրդանշող Տէր Զօրը, իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբավայր, կարելի չէ քանդել մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ»:
Առաւօտուն, վեհափառ հայրապետը Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարասին եւ Աթէնքի ու համայն Յունաստանի Երոնիմոս Բ. արքեպիսկոպոսին հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին լայնօրէն անդրադարձաւ Տէր Զօրի եկեղեցւոյ ու համալիրին քանդումի ոճրային արարքին: Վեհափառ հայրապետը կո՛չ կ՛ուղղէ պետական, քաղաքական ու կրօնական պատասխանատուներուն խստօրէն դատապարտելու այս արարքը եւ զայն օտար շրջանակներու ուշադրութեան յանձնելու:

