Տէր Զօրի Եկեղեցւոյ Ականահարումին Դէմ Դատապարտումի Բուռն Ալիքը Կը Շարունակուի
Ս. Էջմիածինի Դատապարտումը
Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ հայոց նուիրական սրբավայր հանդիսացող Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ պայթեցումը ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ: Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն մասունքները ամփոփող եկեղեցւոյ աւերումը անարգալից քայլ է հայ ժողովուրդի եւ անոր սուրբ նահատակներուն յիշատակին նկատմամբ:
«Տեղի ունեցածը անթաքոյց դրսեւորում է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի յիշատակութեան նախօրեակին հարուածելու հայ ժողովուրդի պահանջատիրական արդար ձգտումները: Կատարուածը անմարդկային բարբարոսութիւն է եւ չի կրնար արդարացուիլ որեւէ կրօնի կամ գաղափարախօսութեան կողմէ, որ հիմնուած է աստուածապաշտական եւ մարդասիրական արժէքներու վրայ:
«Կը յորդորենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն աւելիով ամրապնդուելու մեր նահատակներուն նկատմամբ յարգանքի իրենց ուխտին մէջ եւ ի դերեւ հանելու չարագործներուն բոլոր դաւադրութիւնները: Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ միջազգային հանրութեան դատապարտելու յիշեալ վայրագութիւնը` կանխելու համար նման ոճրագործութիւններու հաւանական կրկնութիւնը», նշուած է Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի հաղորդագրութեան մէջ:
Ծերակուտական Ճիմ Քոսթա Կը Դատապարտէ
Միացեալ Նահանգներու անդամ Ճիմ Քոսթա խստօրէն դատապարտած է ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ 21 սեպտեմբերին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու մասունքները ամփոփող` Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ականահարումը: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Քոսթա այս մասին նշում կատարած է «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ:
«Խստօրէն կը դատապարտեմ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի պղծումը Սուրիոյ մէջ», գրած է ան:

