Մարիօ Կոմեզ Երեք Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն
Ֆիորենթինայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող գերմանացի յառաջապահ Մարիօ Կոմեզ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով երեք շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Ան վիրաւորուեցաւ Աթալանթայի դէմ տեղի ունեցած «Սերի-Ա.»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին:
Կոմեզ, որ այս տարեշրջանին իր կազմին հետ երեք մրցումի ընթացքին դաշտ ներկայացաւ, նախորդ տարեշրջանին մեծ մասը բացակայած էր ծունկի վնասուածքի պատճառով:
Նշենք, որ Ֆիորենթինայէն բացակայ է նաեւ Ճիուզեփփէ Ռոսսի (վիրաւոր):
CATEGORIES Մարզական

